Կապալայի Կայանէն Ռուսական Սարքերու Դուրս Բերումը Պիտի Սկսի Յառաջիկայ Տարի

Կապալայի ռատարի կայանը

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ Կապալայի ռատարի կայանին հարցը լուծուած է իրաւունքի ծիրին մէջ:

Ան նշած է, որ վարձակալութեան համաձայնագիրի ժամկէտը աւարտած է, իսկ նոր համաձայնագիրի կնքման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած:

«Այդ պատճառով ալ որոշում տրուած է Կապալայի կայանի փակման վերաբերեալ: Ատկէ ետք համապատասխան յանձնախումբը պիտի զբաղի այնպիսի թեքնիք հարցերով, ինչպէս օրինակ` Կապալայի կայանին մէջ Ռուսիոյ պատկանող սարքաւորումներու դուրս բերումը: Ամենայն հաւանականութեամբ, այդ յանձնախումբը իր գործունէութեան պիտի սկսի յառաջիկայ տարի», ըսած է Ազիմով:

Share this Article
CATEGORIES