Ամերիկեան Կառավարութիւնը Չի Փափաքիր Լիբանանի Մէջ Հաղորդակցութեան Ցանցեր Հաստատել
Ամերիկեան դեսպանատունը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը չի փափաքիր Լիբանանի մէջ հաղորդակցութեան ցանցեր հաստատել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկեան դեսպանատունը ստացած է համացանցային դրութեան յատուկ սարք մը, որ ամերիկեան ուժերուն համացանցային ծառայութիւն կը տրամադրէ:
Դեսպանատան հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ այդ սարքը տրամադրելու իմաստով ամերիկեան իրաւաբանական գրասենեակ մը ստանձնած է Լիբանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը տեղեակ պահելու պարտականութիւնը` նախարարութեան մէջ գործող պաշտօնեաներուն ընդմէջէն:
Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ դեսպանատունը նախապէս անտեղեակ էր այդ պահանջէն եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ շարունակելու համար այդ հարցին քննարկումը` լիբանանեան կառավարութեան հետ:

