Իրաք Ուղղուած Լիբանանցի Ուխտաւորները Վերադարձան Լիբանան
Իրաք ուղղուած լիբանանցի ուխտաւորները, որոնց պասը Սամարրայի մէջ ենթարկուած էր հրթիռարձակումի, երէկ վերադարձան Լիբանան:
Պէյրութ վերադարձած ուխտաւորներուն մէջ էին նաեւ ապահովական այդ միջադէպին ընթացքին վիրաւորուած երկու լիբանանցիներ:
Նշենք, որ այդ դէպքին պատճառով սպաննուած էր լիբանանցի քաղաքացի Հիւսէյն Նահլէ, որուն յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կատարուած էին Նաժաֆի մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

