Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սելիմ Հըսի
Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն նախագահեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռաատ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլորին համախոհութիւնը վայելող ընտրական օրէնքի մը յանգելու կարեւորութիւնը:
Ռաատ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ քիչեր են, որոնք կը գործեն ի խնդիր Լիբանանի շահերուն, «իսկ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ազգային միասնականութիւն գոյացնելու առիթ են, ապա զանոնք պէտք չէ անտեսենք, ընդհակառակն` պէտք է համաձայնինք ընտրական օրէնքի մը շուրջ եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարենք իրենց ճշդուած թուականին», ըսաւ ան:
Ընտրական օրէնքը քննարկելու առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռաատ ըսաւ, որ խնդիրը ընտրական օրէնք մը մշակելու համար վայրեր ապահովելու հարց չէ, այլ որոշ երեսփոխաններու կողմէ նման օրէնք մը մշակելու կամքի հարց է: