Վարչապետ Միքաթի, Պատրիարք Ռայի Եւ Միւֆթի Քապպանի Շնորհաւորեցին Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Պալամանտի վանքը, ուր իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին` անոր ընտրութեան առիթով:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կացութեան առնչութեամբ մտահոգութիւններ պէտք չէ ունենանք` աւելցնելով, որ պէտք չէ վախնալ նաեւ այլ տագնապէ մը:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի բոլոր գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները կը կատարէ եւ այդ իմաստով անհրաժեշտ բոլոր դասաւորումները կը կատարէ: «Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել սուրիացի գաղթականներուն` առանց անոնց նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու», ըսաւ ան:
Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը միջազգային եւ արաբական երկիրներու կազմակերպութիւններուն ներկայացուցած է սուրիացի գաղթականներուն պարզած պատկերը եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն օժանդակութիւն պահանջած է այդ իմաստով:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքն ու հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի իրենց կարգին ուղղուեցան Պալամանտի վանք, ուր անոնք շնորհաւորեցին Եազիժի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք կը միանայ Եազիժի պատրիարքին աղօթքներուն` արաբական աշխարհին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:


