Նախագահ Սլէյման Վերահաստատեց Դատական Իշխանութիւններուն Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ դատաւորներ Ֆահըտ եւ Շըպթինի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտը` ընկերակցութեամբ` դատաւոր Ալիս Շըպթինիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման վերահաստատեց Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ իր վստահութիւնը` դրուատելով դատաւորներուն ատակութիւնը եւ անոնց ազգային գիտակցութիւնն ու ասպարէզին նկատմամբ իրենց խղճամիտ որոշումները, որոնք հիմնուած են որոշ տուեալներու եւ փաստաթուղթերու վրայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց դատական իշխանութիւններուն եւ դատաւորներուն անկախ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է միջամուխ ըլլայ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին` հաստատելով, որ ոչ մէկ դատաւոր պէտք է ցեխարձակումի ենթարկուի կամ վարկաբեկուի:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տիրող իրադարձութիւններն ու որդեգրուած զինուորական եւ ապահովական միջոցառումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ:

Share this Article
CATEGORIES