Կառավարութիւնը Զարմանք Յայտնեց Իր Դէմ Ուղղուող Անհիմն Ամբաստանութիւններուն Գծով

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը քաղաքական պոռնկութեան պիտի պատասխանէ յաւելեալ աշխատանքով` իրականացնելու համար լիբանանցիներուն շահերը:

Կառավարութիւնը աւելի քան երկու ժամուան ընթացքին քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի նշեց, որ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին առումով իր ստացած պատասխանները դրական են:

Ան նշեց, որ Լիբանան հասնող սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն թիւերը այլ մօտեցում կ՛ենթադրեն:

Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը շարք մը մարզերու մէջ կրցած է իրագործումներ կատարել` աւելցնելով, որ անոր գործունէութեան նկատմամբ մարդիկ յարգանք ցուցաբերած են` միջազգային եւ արաբական մակարդակներու վրայ:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքներով եւ ընթացքով կրցած է ջրել իր դէմ կատարուած բոլոր ամբաստանութիւնները:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք կառավարութեան նիստէն ետք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնած է, որ հակառակ կառավարութեան իրագործած աշխատանքներուն, լիբանանեան ընդդիմութիւնը կը շարունակէ իր կեցուածքին վրայ մնալ եւ փակել ազգային երկխօսութեան վերադառնալու բոլոր դռները, ինչպէս նաեւ պոյքոթի ենթարկել խորհրդարանի նիստերուն իր մասնակցութիւնը` իր գրաւը դնելով շրջանային այնպիսի փոփոխութիւններու վրայ, որոնք պիտի ծառայեն իր շահերուն:

«Վարչապետը շեշտեց, որ այս տեսակէտը ցաւալի է եւ դատապարտելի, ինչպէս նաեւ խստիւ մերժելի է, որ ոմանք կառավարութեան դէմ անհիմն ամբաստանութիւններ կը կատարեն, այնպէս մը, որ իրենք տակաւին երէկ ժամանեցին Լիբանան ու ոչինչ գիտեն Լիբանանը յուզող հարցերուն մասին եւ ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ունին այդ տագնապներուն առումով` տարիներ շարունակ իրենց իշխանութեան վրայ գտնուելու ընթացքին: Կառավարութեան ճիգերը արժեւորելու փոխարէն, անոնք քաղաքական պոռնկութիւն կ՛ընեն եւ կառավարութեան դէմ ցեխարձակումներ կը կատարեն: Մենք այդ բոլորին պիտի պատասխանենք յաւելեալ աշխատանքով», ըսաւ Տաուք:

Երէկուան նիստին ընթացքին կառավարութեան տուած կարեւորագոյն որոշումը եղաւ Տէյր Աամարի ելեկտրական հոսանք արտադրող կայանը վերստին բանեցնելու նպատակով նուազուրդի մը սկսելու որոշումը` ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ պատրաստուելիք այլ պայմանագրութեան մը հիման վրայ:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերի առաւօտեան, Պաապտայի պալատին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )