Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Խէյրալլա` Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի ճատրակի 2012-ի տղոց ախոյեանութեան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, հակառակ անոր որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ֆայսալ Խէյրալլա հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ժամալ Շամիէի հետ, սակայն հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` ապահովելով 9 կէտ:

Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ամրօ Ժաուիշ (8), իսկ երրորդ դիրքը` Անթուան Քասսիս (8):

12-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Մոհամետ Միքաթի միակն ըլլալով ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց ոչ մէկ կէտի` իր կատարած 11 մրցումներուն ալ պարտութիւն կրելով:

Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկի «Կալերիա» սրահին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ):

 

Share this Article
CATEGORIES