Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Ֆետերասիոնը բնականաբար հրապարակեց նաեւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, ինչպէս նաեւ ճշդեց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վայրերն ու ժամերը:

Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2012-ին տեղի ունենալիք տարեկան համագումարը յետաձգուեցաւ կիրակի, 20 յունուար 2013-ին: Անիկա պիտի կատարուի «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ գտնուող «Ամպասատոր» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին` գլխաւոր օրակարգ ունենալով փոփոխութեան ենթարկել ֆետերասիոնին հիմնական եւ ներքին կանոնագիրը:

Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը, որ 14-16 դեկտեմբերին Նիկերիոյ մէջ տեղի ունեցած Լակոսի բաժակի մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը:

Այս առնչութեամբ ֆետերասիոնը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Նիկերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանատան, որ Լիբանանի կատարած բոլոր մրցումներուն ալ ներկայ գտնուելով քաջալերեց լիբանանցի մարզիկները:

Յայտարարուեցաւ, որ երեքշաբթի, 15 յունուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Կապոնի դէմ:

Այս մրցումը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ պատրաստութիւն` Ասիոյ ֆութպոլի, Աւստրալիոյ 2015-ի բաժակի եւ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքերուն համար:

Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ախոյեանութեան մրցումներուն, Գ. դասակարգի 6-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ պիտի մրցի Պարաղեմ Նապաթիէի դէմ, իր այս մրցումը պիտի կատարէ Սաֆայի դաշտին վրայ, շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:-15-ին: Ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող նշանակուած է Ալի Ռաֆեհ:

Ստորեւ կու տանք ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած մրցումներուն յայտագիրը (նշենք, որ այս շաբաթավերջին Բ. դասակարգի մրցումներ տեղի պիտի չունենան).

 

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Սուր – Անսար 2:15 Սուր
Թրիփոլի – Շապապ Սահել 2:15 Թրիփոլի
Նըժմէ – Սաֆա 3:30 Մարզական Աւան
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Շապապ Ղազիէ – Իժթիմահի 2:15 Քֆարժոզ
Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ 2:15 Պուրճ Համուտ
Ահտ – Թատամոն Սուր 2:15 Ահտ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2013 ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Խըյուլ 1:30 Ահտ
Հարաքեթ Շապապ – Թատամոն Սուր 1:30 Սաֆա
Մապարրա – Սալամ Սուր 1:30 Քֆարժոզ
Սաֆա – Ահտ 3:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013
Ռասինկ – Նեպի Շիթ 1:30 Ահտ
Իժթիմահի – Ախա Ահլի Ալէյ 1:30 Պէյրութ
Շապապ Ղազիէ – Թրիփոլի 1:30 Սաֆա
Նըժմէ – Անսար 3:30 Սայտա

 

Share this Article
CATEGORIES