Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Հանդիսացաւ Միջազգային Խաղերու «Կոյր Ճատրակի» Մրցաշարքի Յաղթող
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Փեքինի մէջ աւարտեցան ճատրակի միջազգային խաղերու «կոյր ճատրակի» մրցումները, երբ տեղի ունեցան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան հանդիսացաւ մրցաշարքի յաղթող` առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը 5 կէտով գրաւեց Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ), իսկ երրորդ դիրքը 4,5 կէտով` Շահրիար Մամետիարով (Ազրպէյճան):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Էլինա Դանիէլեան 3,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 11-րդ դիրքը:
Մրցաշարքին յաղթող հռչակուեցաւ Եու Եիֆան, որ ապահովեց 6 կէտ:
CATEGORIES Մարզական


