ՀԱՄԱՍ, ՖԱԹՀ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ

ԱՅՍՕՐ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՄԻՋՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ
ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Պաղեստինեան բոլոր հատուածները երէկ Գահիրէի մէջ ստորագրեցին միջպաղեստինեան հաշտութեան փաստաթուղթը: Ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի եւ Ֆաթհի պատուիրակութեան ղեկավար Ազզամ Ահմատի:

Այսօր եգիպտական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիին մէջ համաձայնութեան ստորագրութեան առիթով տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական հաւաք մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս:

Համաս շարժումէն պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Համաս Ֆաթհ շարժումին հետ նոր կառավարութիւն մը կազմելէ ետք եւս պիտի յարգէ Իսրայէլի հետ ոչ պաշտօնական զինադուլը:

Ըստ Համաս եւ Ֆաթհ շարժումներուն միջեւ յարաբերութեանց քառամեայ խզումին վերջ տալու հաշտութեան համաձայնութեան, պիտի կազմուի անկախ անձնաւորութիւններէ բաղկացած փոխանցման կառավարութիւն մը, որ պիտի պատրաստէ յառաջիկայ տարի նախատեսուած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան միաժամանակ եւ մէկ տարուան ընթացքին, մինչ այդ` Իսրայէլի հետ բանակցութեանց եւ Կազայի եւ Այսրյորդանանի վերահսկողութեան հարցերը կը շարունակեն մնալ իրենց ներկայ կացութեան մէջ:

Միւս կողմէ, երկու տասնեակ պաղեստինցիներ երէկ Կազայի մէջ կատարեցին հաւաք մը` ի յարգանս Քայիտայի սպաննուած ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի: Շուրջ 25 անձեր Պըն Լատենի լուսանկարները բարձրացնելով հաւաքուեցան Կազայի համալսարանին առջեւ: Անոնց շարքին էին Քայիտայի համակիրներ, ինչպէս նաեւ ուսանողներ, որոնք Պըն Լատենի գաղափարաբանութեան դէմ ըլլալով հանդերձ, անոր սպանութեան համար Միացեալ Նահանգներէն զայրացած են եւ Պըն Լատենը նահատակ կը նկատեն:

Համասի ոստիկանութիւնը հաւաքին չմիջամտեց: Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիէ երկուշաբթի օր դատապարտած էր ամերիկեան գործողութիւնը Պըն Լատենի դէմ` զայն ողջունելով իբրեւ «իսլամ եւ արաբ մարտիկ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES