ՍՈՒՏԱՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ ԱՊԷԻ «ՆԵՐԽՈՒԺԵԼՈՎ» 12 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ

Ծանր զէնքերով զինուած սուտանեան ուժեր ապօրինաբար մուտք գործեցին Հարաւային Սուտանի հետ վիճելի Ապէի շրջանը, ուր բախում ունեցան տեղւոյն ոստիկանութեան հետ: Բախումին պատճառով 12 զոհ արձանագրուեցաւ:

Շրջանի աւագ վարչական Տենկ Արոփ Քուոլ յայտնեց, որ բախումները սկսան կիրակի օր, երբ սուտանեան բանակէն սպայ մը պնդեց մուտք գործել վիճելի տարածք եւ ոստիկանութիւնը կանգնեցուց ծանր զէնքերով զինուած վեց ինքնաշարժներէ եւ 200 զինուորներէ բաղկացած անոր շքախումբը:

Ան 2005-ին ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնութեան ակնարկելով յայտնեց, որ «ըստ Ապէիի շուրջ արձանագրութեան, անոնք պէտք չէր մտնէին մեր հողամասերը, ուստի ներխուժումի ծրագիր մը գոյութիւն ունէր»:

Share this Article
CATEGORIES