ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի ՆՈՐ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ կը գործէ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»ը: Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ յանձնախումբ մը կը ճշդէ տարեկան յատկացումները եւ կը հետեւի հիմնադրամի զանազան աշխատանքներուն:

2011 տարուան համար հիմնադրամը 184 հազար տոլարի յատկացում մը կատարեց հրատարակչական աշխատանքներուն, համալսարանական կրթաթոշակներուն, դպրեվանքին, Ղարաբաղի մէջ շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող «Նոր Կիլիկիա» գիւղին, Հայ դատի աշխատանքներուն եւ հայագիտական նիւթերու, երաժշտական ու ասմունքի մրցանակներուն:

Յայտնենք, որ հիմնադրամը ամէն տարի հայ կեանքի զանազան մարզերուն առնչուած կարիքներու գծով յատկացումներ կը կատարէ` միշտ նկատի ունենալով առաջնահերթութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES