«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ՄԱՅԻՍԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արդէն իսկ տեղադրուած է «Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէնի բաժինի մայիս ամսուան լուրերուն մէկ մասը, որ պիտի համալրուի յաջորդող օրերուն ընթացքին:

Ներկայիս կայքէջին վրայ կարելի է կարդալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Քանատայի վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները, լրատուութիւն մը ասորիներուն կողմէ ցեղասպանութիւններու նուիրուած ձեռնարկին մասին, որուն ընթացքին լիբանանցի երեսփոխաններու կողքին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Կայքէջը լայնօրէն անդրադարձած է նաեւ 6 մայիսին` իբրեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ նահատակներու յիշատակին նուիրուած օր: Տեղ գտած գրութիւններուն մէջ կ՛արտացոլայ թրքական եաթաղանին ուժգնութիւնը Լիբանանի մէջ եւս, յատկապէս Նահատակաց հրապարակին վրայ բարձրացուած կախաղաններուն ընդմէջէն: Այս բաժինին մէջ տեղ գտած է նաեւ կախաղան բարձրացուած լիբանանցիներուն անուանացանկը:

Այս առիթով կը կարդանք նաեւ խմբագրական մը, որուն մէջ զուգահեռներ կը գծուին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ լիբանանցի նահատակներուն միջեւ:

Կայքէջին վրայ կը կարդանք նաեւ արաբերէնով գործող կայքէջի մը կողմէ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին հետ կատարուած հարցազրոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի անոր անցեալին, ցեղասպանութեան, ապա ներկայի գործունէութեան, զոր ան կը տանի Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

Արաբ յօդուածագիր մը անդրադարձած է հայ նշանաւոր երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանին եւ անոր արուեստին:

Հայ դէմքերու բաժինը նուիրուած է Պարոյր Սեւակի մահուան 40-ամեակին եւ կը ներկայացնէ անոր կենսագրականն ու գրական վաստակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES