ՏԵՍԱԿԷՏ. ՕՊԱՄԱՅԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԵՑԱՆ
11 սեպտեմբեր 2001-ին Նիւ Եորքի երկու երկնաքերերուն դէմ կատարուած եւ շուրջ երեք հազար զոհ պատճառած ահաբեկչական յարձակումէն 10 տարի ետք, Քայիտայի ղեկավար եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ փնտռուած անձերու պարագլուխ Ուսամա Պըն Լատեն ամերիկեան մասնայատուկ ուժերու կողմէ սպաննուեցաւ Փաքիստանի մէջ: Պըն Լատեն իր կեանքով վճարեց իր գործած ահաւոր ոճիրներուն գինը, սակայն նախընտրելի պիտի ըլլար, եթէ ան ձերբակալուելով` նախ եւ առաջ արդարադատութեան յանձնուէր:
Միացեալ Նահանգներու դիմագրաւած տնտեսական դժուարութեան եւ անգործութեան բարձր համեմատութեան, ինչպէս նաեւ Օպամայի ժողովրդականութեան անկումին լոյսին տակ, Պըն Լատենի սպանութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան 2-րդ նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած նախագահ Օպամայի ընտրապայքարին, որուն ազդանշանէն ետք տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան թայմինկը կրնայ շատերու մտքին մէջ հարցականներ ստեղծել, մանաւանդ որ «Ուիքիլիքս» բացայայտեց, որ Ուաշինկթըն 2008-էն ի վեր տեղեակ էր Պըն Լատենի գտնուած վայրէն:
Քաղաքական բարենպաստ պահու փայլքը քիչ մը աղարտեցաւ, երբ Օպամա ամերիկացի ժողովուրդին փոխանցած իր «աւետիսին» մէջ քաղաքական սխալ մը գործելով` յայտնեց, թէ «հրամայեցի, որ Պըն Լատենը ձերբակալելով զինք արդարադատութեան յանձնելու գործողութիւն մը տեղի ունենայ», ապա նշեց, որ ան սպաննուած է: Այլ խօսքով, անուղղակի կերպով յայտարարեց, որ զինուորական գործողութիւնը ձախողած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը նախագահին գործած սխալը սրբագրելու փորձով մը յայտարարեց, որ զինուորական գործողութեան նպատակը Պըն Լատենը սպաննելն էր եւ ոչ թէ զինք ձերբակալելը, սակայն այդ մէկը յուսահատ եւ ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած փորձ մըն էր, որովհետեւ անանուն պաշտօնատարի մը յայտարարութիւնը բնականաբար չէր կրնար Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան համազօր ըլլալ: Պըն Լատենի սպանութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց, որ անոր զինակիցներն ու գաղափարակիցները զինք իբրեւ նահատակ ներկայացնեն:
Բայց եւ այնպէս, Օպամայի գործած փոքր սխալը չի կրնար շուքի տակ առնել անոր ձեռքբերումը, այլ միայն պատմական իրադարձութենէն բխող քաղաքական կէտերը իրենց ամբողջութեան մէջ ապահովելէն կը զրկէ զինք: Կը մնայ տեսնել, թէ Օպաման ու անոր ընտրական գրասենեակը որքանո՛վ պիտի յաջողին մինչեւ 2012 այս ձեռքբերումին յիշողութիւնը վառ պահել ամերիկացի քուէարկողներուն յիշողութեան մէջ:
Պէտք է նշել նաեւ, որ Պըն Լատենի սպանութիւնը քաղաքական կէտեր կ՛ապահովէ նաեւ Դեմոկրատական կուսակցութեան, որ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ շարունակ կ՛ամբաստանուի ահաբեկչութեան դէմ տկար կեցուածք ունենալու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ թոյլ ըլլալու յանցանքով: Քաղաքական գետնի վրայ կարելի չէ անտեսել այն իրողութիւնը, որ թէեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը 2001-ին հանրապետական նախագահի մը օրերուն սկսաւ, սակայն Պըն Լատենէն վրէժ լուծելու ամերիկեան նպատակը իրագործուեցաւ դեմոկրատական նախագահի մը իշխանութեան ժամանակաշրջանին:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
2/5/2011