Ռուսիոյ Մէջ Արտասովոր Ցուրտին Պատճառով 45 Զոհ Արձանագրուեցաւ
Ռուսական օդերեւութաբանութեան կեդրոնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 14 դեկտեմբերէն ի վեր Ռուսիան հարուածած սառցամրրիկը առնուազն 45 զոհ պատճառած է:
Ջերմաստիճանը նուազած է սովորականէն10-15 աստիճան եւ պիտի շարունակէ նուազիլ յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ կը նախատեսուի, որ ջերմաստիճանը Սիպերիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ նուազի -57-ի: Շրջանին մէջ շարք մը դպրոցներ այս շաբաթ պաղի ալիքին պատճառով փակուած են: Կը նախատեսուի, որ ընդհանրապէս բարեխառն կլիմայ ունեցող Հիւսիսային Օսեթիոյ, Չեչենիոյ, Տաղստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի ռուսական այլ հանրապետութեանց մէջ առատ ձիւն տեղայ:
Վերջին օրերուն Ռուսիոյ բազմաթիւ շրջաններու մէջ ելեկտրականութիւնը, ջուրը եւ ջեռուցումը ընդհատուած է: Ռուսական արտակարգ դրութեան նախարարութիւնը զգուշացուց Սիպերիոյ մեծ քաղաքները, որոնք սառցամրրիկէն պաշարուած են:

