Փութին Վրաստանի Վարչապետին Հետ Հանդիպման Կարելիութիւնը Չի Բացառեր
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի բացառեր Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի հետ հանդիպման կարելիութիւնը: «Սակայն այդպիսի հանդիպումները պէտք է լաւ նախապատրաստուին, որպէսզի որոշ դրական աւարտ ունենան», ըսած է ան:
Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին պատասխանելով վրացի լրագրողի մը հարցումին ըսած է. «Պարոն Իվանիշվիլիի հետ հանդիպման վերաբերեալ. առաջին անգամ կը լսեմ այդ մասին: Ոչ մէկ պաշտօնական դիմում ունինք: Ընդհանուր առմամբ չեմ բացառեր նման կարելիութիւն»:
CATEGORIES Միջազգային


