Վրաստանի Մէջ Վեց Նախկին Պաշտօնատար Ձերբակալուած Է. Սահակաշվիլի Յայտարարութիւն Հրապարակած Է
«Նովոսթիէ Կրուզիա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան հետաքննիչ ծառայութենէն աղբիւրներ յայտնած են, որ ձերբակալուած է վեց մարդ, որոնց շարքին են ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի նախկին նախարար Ալեքսանտր Հեթակուրին, կրթութեան եւ արդարադատութեան նախկին նախարար, ներկայիս «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Նիքա Կվարամիա, տնտեսութեան նախկին փոխնախարար Քախա Տեմենիա եւ շարք մը ուրիշ նախկին պաշտօնատար անձեր:
Վերոնշեալ մարդիկը իբրեւ վկաներ հարցաքննուած էին չորեքշաբթի օր, եւ անոնց հարցաքննութիւնը տեւած էր հինգ ժամ: Անոնց կը ներկայացուի մեղադրանք` ուժանիւթի ընկերութիւններուն խորհուրդ տրամադրող երեւակայածին կազմակերպութեան մէկ միլիոն տոլար տրամադրելու առնչութեամբ:
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի համապատասխան մարմիններուն կոչ ուղղած է անմիջապէս ազատ արձակելու «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Նիքա Կվարամիան: Սահակաշվիլի այս մասին յատուկ յայտարարութիւն կատարած է «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանէն:
Ան անընդունելի նկատած է անկախ լրատուամիջոցի ղեկավարի` կասկածելի մեղադրանքներու հիման վրայ ձերբակալութիւնը:
«Անոնք, որոնք այս ամէնը կ՛ընեն, վատ վերջ պիտի ունենան: Կ՛ուզեմ բոլորը զգուշացնել, որ Վրաստանի մէջ ոչ ոք կրնայ հաստատել այն կարգը, որուն անոնք կը ձգտին հասնիլ: Այդ մասին ես կ՛ըսեմ իբրեւ երկրի նախագահ եւ իբրեւ երկրի քաղաքացի», նշած է Սահակաշվիլի:
Այսուհանդերձ, ան յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային այս ամէնը պիտի աւարտի եւ Կվարամիա ազատ պիտի արձակուի:


