«Թուրքիան Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցին Մէջ Երբեք Պիտի Չխնդրէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆինլանտայի մէջ գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն նուիրուած ընդհանուր ժողովի մը ընթացքին ստիպուած եղած է պատասխանել Հելսինքիի մէջ Կիպրոսի դեսպանի հարցումին:

Դեսպանը ընթերցած է Եւրոպական Միութեան` Թուրքիոյ մասին զեկուցումին Կիպրոսի առնչուող հատուածը, որուն մէջ Թուրքիոյ հասցէին քննադատութիւն կար: Տաւութօղլու ի պատասխան յայտարարած է, թէ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ երբեք պիտի չխնդրէ:

«Կրնաք մեր ցուցանիշերը համեմատել Յունաստանի կամ այլ երկրի ցուցանիշերուն հետ: Եթէ մինչեւ իսկ Եւրոպական Միութեան մէջ համարկուինք, ապա ատիկա արդար պէտք է ըլլայ: Մենք երբեք պիտի չխնդրենք», ըսած է Տաւութօղլու:

Ան յայտարարած է, որ եթէ 2004-ին Կիպրոսի յունական հատուածը «այո» ըսած ըլլար Թուրքիոյ անդամակցութեան, ապա այժմ ամէն ինչ այլ ձեւով դասաւորուած պիտի ըլլար:

«Եթէ Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամ ըլլայինք, այժմ մեզի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող Կիպրոս մը գոյութիւն պիտի ունենար: Կղզիին վրայ թուրք զինուորներ պիտի չըլլային, տնտեսական լիարժէք համարկում պիտի ըլլար, որմէ ամէնէն շատ յոյները պիտի շահէին: Այժմ դուք սնանկացած պետութիւն չէիք ըլլար, որովհետեւ պիտի օգտագործէիք Թուրքիոյ տնտեսական փայլուն կարելիութիւնը: Դուք «ոչ» ըսիք, դուք ընտրեցիք, ոչ թէ մենք», ըսած է Տաւութօղլու:

Share this Article
CATEGORIES