Այսօր Նախատեսուած «Աշխարհի Վերջը» Դիմաւորելու Տարբեր Քայլեր
«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով մեքսիքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Կուաթեմալայի մէջ քուրմերու մասնակցութեամբ կատարուած է մայաներու սուրբ վայրերու մաքրութեան արարողութիւն, որուն ճամբով սկսած է դիմաւորումը 21 դեկտեմբերին, որ ըստ ոմանց, «աշխարհի վերջ»-ի ժամկէտն է:
Ըստ հնադարեան մայա ցեղի իշխանութիւններու մեծ խորհուրդի առաջին քարտուղար Ալպերթօ Մարոքինի, այսօր մայաներու մշակոյթին համար նոր լուսաբաց պիտի նշանակէ:
Դարաշրջանի փոփոխութեան օրը Կուաթեմալայի մէջ կը սպասէ առնուազն երկու հարիւր հազար զբօսաշրջիկի այցելութիւնը, գլխաւոր ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Թիքալ ազգային պուրակին մէջ` երկրի նախագահ Օթօ Փերես Մոլինայի եւ բազմաթիւ արտասահմանեան պատուիրակութիւններու ներկայութեամբ:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` վկայակոչելով չինական զանգուածային լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի մէջ ձերբակալուած են «Ամենակարող Աստուած» աղանդի աւելի քան վեց հարիւր հետեւորդներ, որոնք «աշխարհի վերջը» կը գուշակէին:
Անոնք կը մեղադրուին «հասարակական կարգը խախտելու» յանցանքով եւ պիտի բանտարկուին 5-10 օրով:
Աւելի քան չորս հարիւր աղանդաւոր ձերբակալուած է նաեւ Ցինհայ շրջանին մէջ: Անոնց մօտէն գրաւուած են թռուցիկներ, պաստառներ, համակարգչային նիւթեր` «աշխարհի վերջի եւ զայն յաղթահարելու» վերաբերեալ:
Չժեցզիան նահանգին մէջ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 58 աղանդաւոր: Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, անոնք «զբաղած են լուրերու տարածումով»:
Միւս կողմէ, «Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, թէ ինք ինչպէս կը վերաբերի «աշխարհի վերջին»` յայտարարելով, որ գիտէ, թէ ատիկա երբ է:
«Ատիկա, ես գիտեմ, թէ երբ տեղի պիտի ունենայ. մօտաւորապէս 4.5 միլիառ տարի ետք, որովհետեւ որքան կը յիշեմ, արեւու գործունէութեան շրջանը 7 կամ 14 միլիառ տարի է, այնպէս որ 4.5 միլիառ տարի ետք ամէն բան պիտի աւարտի, հնոցը պիտի մարի», ըսած է Փութին:

