Եգիպտոսի Ընդհանուր Դատախազը Իր Հրաժարականը Յետս Կը Կոչէ

Իպրահիմ

Եգիպտոսի նոր ընդհանուր դատախազը յետս կոչեց երկուշաբթի օր իր նշանակման դէմ բողոքի ցոյցերէն ետք ներկայացուցած իր հրաժարականը: Ան նշեց, որ այժմ Եգիպտոսի արդարադատութեան նախարարին կը մնայ որոշել, թէ ինք իր պաշտօնին վրայ մնալ պիտի շարունակէ՞, թէ՞ ոչ:

Իպրահիմ անցեալ ամիս ընդհանուր դատախազ նշանակուած էր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ նախկին ընդհանուր դատախազի պաշտօնէ արձակումէն ետք:

Մուրսիի քայլը զայրացուց երէց դատաւորները, որոնք Ապտել Մաժիտ Մահմուտի պաշտօնէ արձակումը իրենց անկախութեան ոտնահարում նկատեցին: Մահմուտ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կողմէ նշանակուած էր:

Ընդհանուր դատախազ նշանակուելէ ետք, Իպրահիմի վստահուած էին Մուպարաքի դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ցուցարարներու սպանութեան շուրջ բոլոր հետաքննութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Իպրահիմ առաջարկած էր Եգիպտոսի վիճելի նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէի վերջին հանգրուանի աւարտէն ետք հրաժարիլ: Հանրաքուէի առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին եւ բազմաթիւ դատաւորներ հրաժարեցան զայն վերահսկելէ:

Սահմանադրութեան հակադրուողները կը յայտնեն, որ սահմանադրութիւնը աճապարանօք պատրաստուած է եւ փոքրամասնութեանց, մասնաւորաբար կիներուն իրաւունքները չի պաշտպաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )