Ընդհանուր Դատախազը Ստացաւ Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Մասին Ամերիկեան Հետաքննութեան Տեղեկագիրը

Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի երէկ ստացաւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան մասին Ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան «Էֆ. Պի. Այ.»-ի հետաքննութեան տեղեկագիրը:

Նշենք, որ 19 հոկտեմբերին Էշրեֆիէի մէջ պատահած պայթումին մասին բացուած հետաքննութեան առումով ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութիւնը թեքնիք օժանդակութիւն առաջարկած էր Լիբանանին:

Դատախազ Մատի յայտնեց, որ տեղեկագիրը թարգմանուելէ ետք պիտի փոխանցուի համապատասխան կառոյցներուն, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Հասանի սպանութեան թղթածրարը ստանձնած դատաւորին:

 

Share this Article
CATEGORIES