«Քորէական Արտադրութիւններու Ներկայացուցիչ Լիբանանցիները Պէտք Է Ըլլան Լիբանանեան Արտադրութիւններուն Դեսպանները» Շեշտեց Վ. Սապունճեան

Քորէայի դեսպանը եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Քորէայի Հանրապետութեան նուիրուած հանդիսութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ լիբանանցի գործատէրեր` ամրապնդելու համար քորէական արտադրութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ իրենց գործակցութիւնը:

Հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Սապունճեան կոչ ուղղեց քորէական արտադրութիւններու ներկայացուցիչ լիբանանցի գործատէրերուն ըլլալու լիբանանեան արտադրութիւններուն դեսպանները:

Նախարար Սապունճեան շնորհաւորեց քորէացի ժողովուրդը իր իրագործած յաջողութիւններուն համար եւ ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES