Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Զօր. Քահուաժին

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին Ղոսըն հաստատեց, որ բանակին դիմաց կարմիր գիծեր չկան` աւելցնելով, որ բանակը պատրաստ է Լիբանանը փրկելու իր շրջակայքը բռնկեցնող հրդեհին բոցերէն:

Ղոսըն հաստատեց, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պայքարելու համար լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը խանգարող բոլոր փորձերուն դէմ, ինչպէս նաեւ պիտի դիմադրէ ամէն տեսակի ահաբեկչութեան եւ պիտի պաշտպանէ իր հիւսիսային ու հարաւային սահմանները:

Սահմաններու պաշտպանութեան շրջագիծին մէջ Ղոսըն դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան նպաստած է:

Ղոսըն շեշտեց բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն տածած խոր վստահութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած զգայուն այս հանգրուանը, որ կարիքը ունի արտակարգ ջանքերու եւ կ՛ենթադրէ պատրաստուածութեան մակարդակի բարձրացումն ու հաւանական որեւէ զարգացումի դիմադրելու պատրաստակամութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )