Քարիւղի Մարզի Տնօրինման Խորհուրդը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Նեպիհ Պըրրիի

Նախագահ Սլէյման` քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդին հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդը` ընկերակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին խորհուրդը նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց խորհուրդը` ընդգծելով անոր միասնական աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ խորհուրդը իր աշխատանքին շրջագիծին մէջ նկատի կ՛ունենայ միայն ազգային շահերը, առանց այլ նկատառումներու, ինչ ալ ըլլան անոնք:

Պըրրիի Մօտ

Պըրրի` խորհուրդի անդամներուն եւ նախարար Պասիլի հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդը, որուն կ՛ընկերակցէր նախարար Պասիլ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց այդ խորհուրդին ունենալիք դերակատարութեան

կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա կը ներկայացնէ Լիբանանի եւ ապագայ սերունդներուն յոյսը` տնտեսական վերելքի եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճման առումով:

Ժըպրան Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին` այդ թղթածրարին առումով անոր ցուցաբերած բացարձակ զօրակցութեան համար:

Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդը այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

ՆՇԵՆՔ, որ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահը 21 եւ 22 յունուար 2013-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Ռուսիա: Մոսկուայի մէջ նախագահ Սլէյման պիտի ստանայ Ուղղափառ ժողովուրդներու միասնականութեան միջազգային կազմակերպութեան մրցանակը, որ 12 տարիէ ի վեր ոչ ոքի տրուած է:

Կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունենայ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Share this Article
CATEGORIES