«Այլ Կերպ Չի Կրնար Ըլլալ. Սուրիահայերուն Աջակցութիւն Ցուցաբերելը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Պարտականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Սերժ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստան տեղափոխուած տարբեր ոլորտներ ներկայացնող սուրիահայ շարք մը գործարարներ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, սփիւռքի եւ տնտեսութեան նախարարները, կառավարութեան առնթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահը, պետական մարմիններու այլ պատասխանատուներ:
Հանդիպման սկիզբը նախագահը նշած է, որ տեղեակ է մինչեւ հիմա Հայաստանի տարբեր պետական հաստատութիւններուն մէջ սուրիահայ գործարարներու ունեցած հանդիպումներուն մասին, այդուհանդերձ, նպատակայարմար գտած է անձամբ հանդիպիլ անոնց եւ անմիջականօրէն ու եւս մէկ անգամ ներկայացնել տարբեր առիթներով հնչեցուցած մեր երկրի մօտեցումները Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին, սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն աջակցութեան վերաբերեալ, նաեւ գործարարներէն լսել իրենց ծրագիրներուն, առաջարկներուն, մտահոգող խնդիրներուն մասին, պատասխանել զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն:
Գործարարները Հայաստանի նախագահէն հետաքրքրուած են Սուրիայէն իրենց գործարարութիւնները Հայաստան տեղափոխելու կամ հայրենիքի մէջ նոր գործ սկսելու կարելիութիւններուն, Հայաստանի տնտեսական վիճակին, ներդրումային միջավայրի եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ: Գործարարներու կողմէ բարձրացուած շարք մը հարցերու լուծման վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահը յանձնարարականներ տուած է համապատասխան պետական մարմիններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած այսուհետեւ եւս անոնց աջակցութեան ուղղուած իւրաքանչիւր առաջարկ քննարկելու:
Հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան յորդորած է սուրիացի մեր հայրենակիցներուն` շնորհակալութիւն չյայտնելու ցուցաբերուող աջակցութեան եւ հոգածութեան համար, քանի որ ատիկա Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է: «Հայաստանում ինչպիսի իշխանութիւններ էլ լինեն, բոլորն էլ այս խնդիրներին հոգատարութեամբ կը վերաբերեն: Այստեղ որեւէ կասկած չկայ: Այլ կերպ լինել չի կարող, ուղղակի չի՛ կարող: Դա Հայաստանի իշխանութիւնների պարտականութիւնն է, եւ որքան լաւ կատարենք մեր պարտքը, մեր պարտականութիւնը, այնքան բոլորիս համար էլ լաւ կը լինի: Մի՛ համարէք, որ ձեզ լաւութիւն են անում: Գոնէ, նուազագոյնը բոլորը պարտաւոր են անել: Ես չեմ պատկերացնում, որ Հայաստանում երբեւէ կարող են իշխանութիւններ լինել, որ այդ նուազագոյնն էլ չանեն», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ կոչ ուղղած չյուսահատելու եւ փորձելու միասին դիմակայել այդ փորձութիւնն ու դժուարութիւնները, որոնց մէջէն կ’անցնին Սուրիոյ մեր հայրենակիցները: «Մենք այդպիսի ճանապարհով վերջին 20-25 տարիների ընթացքում անցել ենք, անցել ենք շատ աւելի ցաւոտ ճանապարհներով: Ամէն ինչ լաւ է լինելու: Եւ իւրաքանչիւրը, ով կը մնայ կամ չի մնայ Հայաստանում, միեւնոյն է, որքան հնարաւորութիւն ունենք օգնելու, օժանդակելու ենք», ըսած է Հայաստանի նախագահը:
Հանրապետութեան ղեկավարը սուրիացի մեր բոլոր հայրենակիցներուն մաղթած է համբերութիւն եւ կամք` բերելով նաեւ սեփական փորձն ու արցախեան ազատամարտի դժուարութիւններով անցած իր եւ շատ այլ ընտանիքներու օրինակը: «Այս փորձութիւնն էլ է անցնելու, պէտք է կարողանալ մեր ժողովրդին իւրայատուկ կամք ցուցադրել եւ ցուցաբերել, իսկ մենք` ձեզ բոլորիդ օգնական», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հանդիպում Վլատիմիր Փութինի Հետ
Նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուած նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն, որոնց շարքին` երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր:

