Յոյսի Նշոյլ
ՅԱՐՈՒԹ ՊԵՏԻՐԵԱՆ
Խաղաղութի՜ւն… այս բառի քաղցրութիւնն ու կարօտը առաւել սաստկութեամբ կը զգանք մենք` հայերս: Աշխարհի մէջ ամէնէն շատ մենք ենք կարօտ` խաղաղ ու ստեղծագործ աշխատանքի, ամէնէն շատ մենք տուժած ենք հրացանի զարկէն, կողոպուտէն ու կրակէն:
Պատմութեան դաժան քառուղիներուն մէջ յաճախ խոցուած է հայ ժողովուրդը: Ահաւասիկ կարծես պատմութիւնը կը կրկնուի եւ հայու ճակատագիրը նորանոր դաժանութեան դէմ յանդիման կը դնէ հայութիւնը. այս անգամ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին սեւ նոր էջեր կը բացուին հայուն դիմաց, որ կը դատապարտուի մահուան, կողոպուտի եւ առեւանգումներու:
Չարաբաստիկ հոկտեմբեր ամսուն զինեալ ապստամբները Պէյրութէն Հալէպ ուղեւորուող քաղաքացիական պասէն եօթը հայ ուղեւորներ գերի վերցնելով` մեկնեցան անյայտ ուղղութեամբ:
Առեւանգումի լուրը կայծակի արագութեամբ արձագանգեց Հալէպէն: Առեւանգուած էին հայր, որդի, եղբայր եւ հարազատ: Լսելով այս ցաւագին լուրը` տագնապի մատնուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի այլ գաղութներու համայն հայութիւնը: Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ ազգի պատասխանատուներ օրեր եւ շաբաթներ ջանք չխնայեցին եւ փութացին օգնութեան, վարեցին բանակցութիւններ` փորձելով բոլոր հայ պատանդները անվտանգ տուն վերադարձնել, սակայն հակառակ կողմի տուած խոստումները ի զուր էին, երբեմն աղաւաղուած լուրեր կը տարածէին եւ երբեմն կցկտուր խոստումներ կը փոխանցէին: Պատասխանատուներուն ի գործ դրած բոլոր ճիգերը, դժբախտաբար, մնացին ապարդիւն:
Այսօր այդ փոթորկալից իրադարձութենէն անցած են յիսուն օրեր:
Յիսուն օրերէ ի վեր հայ պատանդներուն հայրերը, մայրերը, քոյրերն ու հարազատները կը տառապին անորոշութենէ: Կասկածները կը կրծոտեն բոլորին սիրտերը: Արցունքներով մշուշուած հայեացքով կը սպասեն յոյսի նշոյլի մը:
Աւարտին հասաւ 2012 թուականը: Յոյսի տաք ճաճանչն է, որ կը ջերմացնէ մեր հոգիները: Արդեօք ի՞նչ կը խոստանայ մեզի 2013-ը: Արդեօք պիտի թելադրուի՞ չարին կամքը, թէ՞ պատանդները պիտի վերադառնան իրենց հայրական օճախները եւ գրկախառն դիմաւորեն Նոր տարին:
Տառապեալ մայրե՛ր եւ հարազատնե՛ր, վհատութիւնը երբեք չսողոսկէ ձեր վիրաւորուած սիրտերը: Յոյսով ենք, որ ձեր մշուշուած աչքերը մօտ օրէն պիտի պայծառանան եւ լեցուին երջանկութեան արցունքներով: Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ հայրենիքի բոլոր նուիրեալ պատասխանատուներն ու ղեկավարները պիտի կրկնապատկեն իրենց աշխատանքները, որպէսզի անվտանգ վերադառնան ձեր զաւակներն ու հարազատները:
Բա՛ւ է որքան մեր բնօրրանէն պոկուեցանք, արիւնաքամ եղանք, ծուխէն կսկծացող աչքերով լացինք ու Աստուծմէ խաղաղութիւն աղերսեցինք: Թող մեր ջանքերը բազմապատկենք եւ մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած, որ անմեղ պատանդները Նոր տարուան շեմին վերադառնան տուն:
Քուէյթ, 17 դեկտեմբեր, 2012

