50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1962)
Խմբագրական
Արամ Սահակեան
(Մահուան Քառասունքին Առթիւ)
Քառասուն օր առաջ ընդհանուր սուգի եւ խոր վշտի մէջ հողին յանձնեցինք ընկ. Արամ Սահակեանի անշունչ մարմինը, որ անժամանակ կը բաժնուէր մեզմէ` ետին ձգելով անմոռանալի յիշատակը մարդու մը, որ խոր գիտակցութեամբը հանրային մարդու կոչումին, լրիւ կատրած էր իր դերը` քառասուն տարի շարունակ ծառայելով հայ ժողովուրդին:
Արամ Սահակեան եղաւ հարազատ ներկայացուցիչը իր սերունդին, որ տարօրէն դժնդակ պայմաններու մէջ, ինքնաշխատութեամբ եւ յամառ ճիգերով հասաւ դիրքի մը, որ անփոխարինելիօրէն իրն է եւ իր մահէն ետք պիտի լեցուի այն քաղցր յիշատակով, որ զինք ճանչցողները պիտի պահեն իրենց սրտին մէջ:
Մեր հանգուցեալ ընկերոջ կեանքը կապուած կը մնայ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման պատմութեան հետ: Հինէն փոխադրուած Պէյրութ, կարճ ատեն մը վերադառնալէ ետք իր ծննդավայրը` Ուրֆա, Արամ Սահակեան 1921-էն մինչեւ 1962, ամբողջ 41 տարի մնաց ու գործեց այս երկրին մէջ, հանդիսացաւ կեդրոնական դէմքերէն մէկը այս գաղութին` թէ իբրեւ հանրային գործիչ, կուսակցական ղեկավար եւ թէ՛ իբրեւ գրագէտ, հրապարակագիր ու հռետոր:
Բոլոր անոնք, որոնք այս գաղութի հանրային կեանքին մէջ դեր մը կատարած են, անպայման որ գործակից ու խորհրդակից ունեցած են Արամ Սահակեանը, որ իր գնահատելի բաժինը բերած է լիբանանահայութեան վերելքին ու բարգաւաճման գործին մէջ:
Անուրանալի է նաեւ այն դերը, որ Արամ Սահակեան իբրեւ գրող ունեցաւ` նորահաս սերունդին մօտ արթնցնելով սէրը դէպի գիրն ու գրականութիւնը: Շատեր, որոնք այսօր գրական մարզի մէջ դիրքի ու համբաւի տիրացած են, ուրախութեամբ կը խոստովանին, թէ որքա՛ն մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իրենց վրայ Արամ Սահակեանի քաջալերանքն ու նորահաս գրողներու հանդէպ ցոյց տուած գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը:
Առանց գրական քննադատ մը ըլլալու, իբրեւ գեղեցիկի ճաշակն ունեցող մարդ, Արամ Սահակեան եղաւ տաղանդախոյզ մը, որ բացառիկ խանդավառութեամբ կը կարդար ու կը մատնանշէր գրական յաջող երկեր` հայաստանեան թէ սփիւռքահայ գրողներու գործերէն:
Արամ Սահակեանի մահը, ինչպէս բոլոր այն հանրային գործիչներուն, որոնք անդարձ բաժնուեցան մեզմէ, առիթ կ՛ընծայէ մեզի անդրադառնալու կենսական խնդրի մը, որ յատուկ է բոլոր գաղութներուն: Հիները կ՛երթան ու զանոնք փոխարինելու համար նոյն խանդավառութիւնն ու նուիրումը ունեցող նորեր չեն հասնիր: Ճիշդ է որ անյեղլի ճշմարտութիւն է, որ իւրաքանչիւր սերունդ կու տայ իրմէ ակնկալուածը, բայց ներկայիս հայութիւնը կ՛ապրի այնպիսի պայմաններու ներքեւ, որ սերունդներու յաջորդականութիւնը բնականոն հոլովոյթի մը չի հետեւիր:
Այդ պատճառով յաւելեալ ճիգ պէտք է, որպէսզի նորերը գան վերցնելու այն դրօշակը, որ իրենց կը փոխանցուի` իբրեւ խորհրդանշանը ժողովուրդի մը, որ ապրիլ ու գոյատեւել կ՛ուզէ որպէս ազգային եւ մշակոյթին առանձին միաւոր` հակառակ ստեղծուած անօրինակ պայմաններուն:
Արամ Սահակեաններու մահով ստեղծուած բացը այն ատեն միայն կը գոցուի, երբ նոր սերունդը, հաւատքի բացառիկ վկայութեամբ մը, գայ ամբողջապէս նուիրուելու այս ժողովուրդին, որուն ծառայելու պատրաստակամութիւնը ունի:
Մեր սիրելի ընկերոջ մահուան քառասունքին առթիւ, ոգեկոչելով իր անմոռանալի յիշատակը, ունինք այն վստահութիւնը, թէ մեկնողներու գործը կիսատ պիտի չմնայ եւ նոր սերունդը պիտի պատասխանէ սրբազան կոչին:

