Ինչպէս Ստանալ Կատարեալ Կաղանդի Ծառը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անգլիական մեծ խանութ մը այս մարտահրաւէրը նետած է Շեֆիլտի համալսարանէն ուսողութեան երկու ուսանողներու:
Այս նշանաւոր խանութը իր յաճախորդներով մտահոգ` ուզած է գիտնալ, թէ անոնք որքա՛ն զարդարանք եւ ժապաւէն պէտք է գնեն կատարեալ Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար:
20 տարեկան Նիքոլ Ռայթըմ եւ Ալեքս Քրեկ քանի մը ժամ աշխատած են գտնելու համար ամէնէն գեղեցիկ ձեւով զարդարուած ծառ մը ստանալու թուաբանական հաւասարութիւնները: Գոյութիւն ունին չորս բանաձեւեր, որոնք կու տան գունդերուն քանակը, զարդարանքի ժապաւէններուն երկայնքը, լոյսերու քանակը:
*
* *
Այս բոլորը կը չափուին ծառի բարձրութենէն մեկնելով: Ըստ Նիքոլի եւ Քրեկի, օրինակի համար, պէտք է, որ ծառին գագաթին դրուած աստղին չափը հաւասար ըլլայ ծառի հասակին մէկ տասներորդին: Այսինքն 1.50 մեթր բարձրութիւն ունեցող ծառին վրայ պէտք է դնել 15 սմ մեծութիւն ունեցող աստղ մը: Սակայն, ասոր կողքին, այդ թուաբանական հաւասարութիւնները ազատ կը ձգեն ձեւերուն եւ գոյներուն ընտրութիւնը:
Իսկ դո՞ւք, արդեօք արդէն շտկա՞ծ էք ձեր Կաղանդի ծառը: Պիտի ուզէի՞ք նման թուաբանական բանաձեւ մը գործածել ձեր ծառը շտկելու համար:
Ձեռային Աշխատանք
Փայտէ Կաղանդի Ծառեր
Այս պզտիկ ծառերը կրնաս գործածել իբրեւ Կաղանդի ծառի զարդարանք, կամ պարզապէս կախելու համար սենեակին մէջ` իբրեւ զարդարանք:
Պէտք Ունիս
Պզտիկ ճիւղերու, ներկերու, խէժի, խցանի, ժապաւէնի, հաստ ասեղի մը (այս աշխատանքին համար պէտք ունիս չափահասի մը օգնութեան):
Պատրաստութիւն

5.- Քեզի օգնող չափահասէն խնդրէ, որ գագաթի խցանին մէջէն հաստ ասեղով մը թել մը կամ բարակ ժապաւէն մը անցընէ` ծառդ կարենալ կախելու համար:
Հարցարան
Ճի՞Շդ, Թէ՞ Սխալ
1) 1660-ական թուականներուն, երբ Անգլիոյ մէջ Կաղանդ տօնել արգիլուած էր, ապօրինի էր 25 դեկտեմբերին հնդկահաւ, բադ կամ հաւ ուտել:……….. Ճ/Ս
2) Իտալիոյ մէջ աւանդութիւն է խորոված կարապ ուտել Ս. Ծնունդի գիշերը:……….. Ճ/Ս
3) Ռուսիոյ մէջ կարգ մը անձերու համար աւանդութիւն է 39 օր ծոմ բռնել Ս. Ծնունդէն առաջ:………… Ճ/Ս
4) Փորթուգալի մէջ «Քոնսոատա» կոչուած յաւելեալ խրախճանք մը տեղի կ՛ունենայ Ս. Ծննդեան տօնին առտուն: Աւելորդ տեղ մը կը ձգուի յիշելու համար մահացած սիրելիները:……………… Ճ/Ս
5) Քանատայի մէջ սովորութիւն է լման խոզ մը խորովել Նոչապուէանայի համար (Ս. Ծննդեան գիշերը):………… Ճ/Ս
6) Շուէտի մէջ սովորութիւն է եփել «Ս. Ծնունդի հիւսք»-ը կոչուած հաց մը: Ապա այս հացը սեղանին վրայ կը ձգուի մինչեւ յունուար 6, երբ ան կ՛ուտուի:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Խոհագիր
Պզտիկ Կաղանդի Ծառեր
Պէտք ունիս (10 ծառերու եւ 16 նուէրներու համար)
– 275 կրամ ալիւրի, 225 կրամ մարկարինի, 4 ապուրի դգալ կաթի, 1 սուրճի դգալ (ո՛չ լեցուն) պէյքինկ փաուտըրի, 225 կրամ փոշի շաքարի, քիչ մը վանիլի, 4 միջակ չափի հաւկիթի:
– Կարկանդակներուն վրայ քսելու համար` 75 կրամ կակուղցուած կարագի, 175 կրամ փոշի շաքարի, 2 սուրճի դգալ կիտրոնի հիւթի, ուտելիքի ներկերու:
Պատրաստութիւն
Նախ եւ առաջ փուռը տաքցուր 180 աստիճան:

1.- Եթէ փուռի յատուկ ափսէի թուղթ ունիս (փափիէ սուլֆուրիզէ), զայն կտրէ ափսէին մեծութեամբ: Փուռի քառանկիւն ափսէին վրայ խոհանոցի թուղթէ թաշկինակով ձէթ քսէ, ափսէի թուղթը դիր ափսէին վրայ, անոր վրայ ալ ձէթ քսէ: Եթէ այս յատուկ թուղթէն չունիս, ափսէին վրայ կարագ քսէ եւ վրան ալիւր սրսկէ:

3.- Հաւկիթները կտրէ ուրիշ ամանի մը մէջ: Պատառաքաղով մը զարկ, եւ ապա զանոնք աւելցուր խմորին: Լա՛ւ խառնէ:

2.- Խորունկ ամանի մը մէջ մաղէ ալիւրը: Ապա վրան աւելցուր մարկարինը, կաթը, պէյքինկ փաուտըրը, շաքարը եւ վանիլը: Փայտէ դգալով խառնէ:

5.- Ձգէ, որ կարկանդակը պաղի, եւ ապա զայն ափսէին մէջէն հանէ: Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ փայտէ դգալով մը զարկ կարագը: Ան քրեմի պէս պէտք է դառնայ:

4.- Այս խառնուրդը պարպէ փուռի ափսէին մէջ, անոր մակերեսը հաւասարցուր եւ զայն փուռին մէջ եփէ 40-45 վայրկեան: Կարկանդակը եփած պիտի ըլլայ, երբ անոր կեդրոնը կակուղ ըլլայ:

7.- Այս մէկ քառորդ քանակին վրայ աւելցուր կանաչ ուտելիք ներկ: Եթէ կ՛ուզես, որ գոյնը աւելի մութ ըլլայ, կաթիլ-կաթիլ աւելցուր ներկէն: Մնացած շաքարով կարագը երեք ամաններու մէջ բաժնէ եւ իւրաքանչիւրին մէջ դիր տարբեր ուտելիքի ներկի գոյնէ կաթիլ մը:

6.- Փոշի շաքարը մաղէ եւ զայն կամաց-կամաց կարագին վրայ աւելցուր: Աւելցուր նաեւ կիտրոնի հիւթը: Այս խառնուրդին երեք քառորդը պարպէ ուրիշ ամանի մը մէջ:

9.- Այդ երկու կտորները կտրէ տասը եռանկիւններու: Անոնց վրայ կանաչ շաքարով կարագ քսէ: Գունաւոր շաքարով կարագը քսէ նուէրներուն վրայ: Զանոնք զարդարէ գունաւոր պոնպոններով, ուտուելիք փայլփլուն գնդիկներով, իսկ կոճղերուն համար կրնաս գործածել տուրմի կտորներ:

8.- Կարկանդակին մէկ կողմը 7 սմ լայնքով կտոր մը կտրէ: Ապա այդ մեծ կտորը տասնվեց պզտիկ քառակուսիներու բաժնէ (ասոնք նուէրները պիտի ըլլան): Մնացած կարկանդակի կտորը երկայնքին երկուքի կտրէ:
Ժամանց
Պատասխաններ
1.- Ս, Ծնունդի տօնակատարութիւնը արգիլուած էր, բայց արգիլուած չէր հաւ ուտելը: 2.- Ս, Իտալիոյ մէջ աւանդութիւն է Ս. Ծննդեան գիշերը ձուկի եօթը տարբեր տեսակներով սեղան մը շտկել: 3.- Ճ: 4.- Ճ: 5.- Ս, այս սովորութիւնը Քուպայի մէջ տեղի կ՛ունենայ: 6.- Ս. Ծնունդի հիւսք կոչուած հացը կամ «քոլաշը» ուքրանական է: