ԼՕԽ-ի «Նանոր Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Առօրեայէն
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագրով ամառնային շրջան մը: Յանձնախումբի ատենապետին եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով, ամէնօրեայ դրութեամբ:
Եռամսեայ այդ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր արժեւորել հայ գիրքը, սիրցնել ընթերցանութիւնը, ամառնային դասեր, ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, մտային եւ դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն, ձեռային աշխատանք, թատրոն, համակարգիչի գործածութիւն, պտոյտներ եւ զարգացման մրցումներ:
Նմանապէս` կազմակերպուեցան պտոյտներ, ինչպէս` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2012-ի միօրեայ պտոյտը դէպի Լիբանանի հիւսիսը գտնուող տեսարժան վայրեր, ուր աշակերտները միասնաբար անցուցին հաճելի ժամեր:
Իսկ հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ի կ.ա. ժամը 11:00-ին աշակերտները յատուկ ձեռային աշխատանքի քարտով, հրաւիրած էին իրենց ծնողները եւ հիւրեր` դիտելու եւ լսելու համար իրենց եռամսեայ գործունէութեան աշխատանքները, ներկայացուած` կոկիկ յայտագրով մը: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Շրջ. վարչութենէն Ազատ Սարգիսեան եւ Սիւզան Օհանեան, «Ն. Ա.» գրադարանի յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան, ԼՕԽ-ականներ եւ ծնողներ: Յայտագիրը ընդգրկեց երկու բաժին: Առաջին մասը նուիրուած էր հայ գիրքի տարուան, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան ցուցահանդէս` դիտելու աշակերտներուն կատարած ձեռային աշխատանքները: Փակման խօսքը կատարեց Սիւզան Օհանեան, որ գնահատելով տարուած աշխատանքը, մաղթեց շարունակել երթը` հասնելով լաւագոյնին:
Բոլորին վարձքը կատար եւ յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ:

