ԼՕԽ-ի«Աղթամար» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 2 հոկտեմբեր 2012, ուրբաթ կ. ա. ժամը 11:00-ին, մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ:
Օրուան դասախօսն էր դեղագործ Գալէ Տէր Գալուստեան, որ խօսեցաւ «Դեղերու ճշգրիտ գործածութիւնը եւ դեղերու տարբերակները» նիւթին շուրջ:
Յարգելի դասախօսը ներկայացուց դեղերու ճշգրիտ օգտագործման կերպերը, սխալ օգտագործումի ժխտական հետեւանքը, դեղերու փոխազդեցութիւնը, դեղերու հանդէպ գերզգայնութիւնը, մնայուն ու երկարատեւ հիւանդութեանց պարագան տարեցներուն մօտ, ճաշ-դեղ փոխազդեցութիւն, դեղաքանակի գործածութեան ձեւը, դեղորայքի տարբերակները (Generics) եւ այլն: Դասախօս Գ. Տէր Գալուստեան անդրադարձաւ յատկապէս շաքարախտի թէ սրտի հիւանդութեանց պարագային դեղերու գործածութեան ձեւին ու ճշդուած ժամերուն հետեւելու կարեւորութեան:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 2 հոկտեմբեր 2012, ուրբաթ կ. ա. ժամը 11:00-ին, մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ:
Օրուան դասախօսն էր դեղագործ Գալէ Տէր Գալուստեան, որ խօսեցաւ «Դեղերու ճշգրիտ գործածութիւնը եւ դեղերու տարբերակները» նիւթին շուրջ:
Յարգելի դասախօսը ներկայացուց դեղերու ճշգրիտ օգտագործման կերպերը, սխալ օգտագործումի ժխտական հետեւանքը, դեղերու փոխազդեցութիւնը, դեղերու հանդէպ գերզգայնութիւնը, մնայուն ու երկարատեւ հիւանդութեանց պարագան տարեցներուն մօտ, ճաշ-դեղ փոխազդեցութիւն, դեղաքանակի գործածութեան ձեւը, դեղորայքի տարբերակները (Generics) եւ այլն: Դասախօս Գ. Տէր Գալուստեան անդրադարձաւ յատկապէս շաքարախտի թէ սրտի հիւանդութեանց պարագային դեղերու գործածութեան ձեւին ու ճշդուած ժամերուն հետեւելու կարեւորութեան: Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ ժամը 1:00-ին: