Մեսսի, Զաւի Եւ Փիւյոլ Համաձայն Գտնուեցան Իրենց Պայմանագրութիւնները Երկարաձգել

Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող երեք մարզիկներ` Լիոնել Մեսսի, Զաւի Հերնանտես եւ Քարլես Փիւյոլ, համաձայն գտնուեցան իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգել:

Մեսսիի համաձայնագիրը երկու տարիով երկարաձգուեցաւ, այսինքն` մինչեւ 30 յունիս 2018, իսկ 34 տարեկան խմբապետ Փիւյոլինը` երեք տարիով (30 յունիս 2016):

Իսկ ինչ կը վերաբերի Զաւիի, անոր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2016, սակայն հարցը կապուած է անոր ունեցած ներկայացումներուն: Բայց 32 տարեկան միջնապահին պայմանագրութեան ժամկէտը պիտի աւարտի, եթէ ան շատ դաշտ չներկայանայ:

Պարսա իր հաղորդագրութիւնը աւարտեց ըսելով, որ անոնք իրենց պայմանագրութիւնը ակումբին տոմարներուն վրայ պիտի ստորագրեն յառաջիկայ շաբաթ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )