«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Իր Դէմ Պիտի Ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտը
Երէկ` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող Եու. Է. Էֆ. Ա.ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ինը անգամ այս մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Ռէալի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր դէմ պիտի ունեայ իր նախկին ակումբը:
Պարսելոնայի մրցակիցը պիտի ըլլայ եօթը անգամ տիտղոսին տիրացած Ա. Սէ. Միլանը:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 12-20 փետրուարին, իսկ դարձի մրցումները` 5-13 մարտին:
Ստորեւ` մրցումներուն վիճակաձգութիւնը (իւրաքանչիւր խմբակի երկրորդ դիրքը գրաւողները, որոնք նշուած են սկիզբը, երթի մրցումները պիտի հիւրընկալեն իրենց դաշտերուն վրայ).
Կալաթասարայ – Շալքէ
Սելթիք – Եուվենթուս
Արսենալ – Պայէրն Միւնիխ
Շախտիոր Տոնեցք – Պորուսիա Տորթմունտ
Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա
Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Վալենսիա – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Փորթօ – Մալակա