Գիտական. Հնագիտական Յայտնաբերումներ Կատարող Աշխարհի Առաջին Շունը` Միկալուն…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Վերջերս աւստրալիացի անասնագէտ Կերի Ճեքսըն յաջողած է այնպէ՛ս մը մարզել տարիներէ ի վեր իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ներառուած շուներէն մէկը, որ այս վերջինը կրցած է ճշդել դարեր առաջ գոյութիւն ունեցած ոսկորներու մնացորդներու վայրերը` պարզապէս հոտուըտալով իր գտնուած միջավայրը: Այսուհանդերձ, անիկա նկատուած է հնագիտական յայտնաբերումներ կատարող աշխարհի առաջին շունը:

Ծանօթ է արդէն, որ շուներուն քիթը կը պարունակէ հոտառութեան զգայուն եղող ջիղերու ծայրամասեր, որոնց թիւը մօտաւորապէս երկու հարիւր միլիոնով կը գերազանցէ մարդկային քիթին ունեցած հոտառական ջիղերու ծայրամասերուն թիւը:

Մասնագէտ Ճեքսըն ըսած է, թէ շուներուն վրայ իր կատարած փորձարկումներուն մէջ միշտ ալ նկատի ունեցած է նախապէս երբեք չփորձարկուած գաղափարներ: Հետեւաբար ան իր շուներուն մէջէն ընտրած է միկալուն` զայն վարժեցնելու համար հնագիտական յայտնաբերումներ կատարելու աշխատանքին:

Տարիներ շարունակ մասնագէտներ մարզած են դիակներ յայտնաբերող շուներ, որոնք օգտակար դարձած են երկրաշարժներու եւ կամ տարբեր աղէտներու պատճառով յառաջացած փլատակներէն դիակներ գտնելու աշխատանքին: Սակայն նշեալ շուներուն մօտ նեխածութեան հոտը տեղ մը դարձած է հիմնական հոտ` մարդկային մարմնին իսկական հոտին փոխարէն: Պէտք է նշել, թէ տուեալ միջավայրի մը մէջ եւս շատ մը բաներ նեխելու հակամէտ են, հետեւաբար մասնագէտ Ճեքսըն մտածած է, թէ շուները միայն մարդկային ոսկորներու հոտին վարժեցնելը զանց առնել կու տայ շփոթեցուցիչ հոտերու միջամտութիւնը:

Գնդակին Տիրանալը`
Գլխաւոր
Նպատակ

Մասնագէտ Ճեքսըն ըսած է, թէ Միկալուն շատ կը սիրէ գնդակով խաղալ. անիկա գնդակին ետեւէն կը վազէ անտեսելով ամէն վտանգ: Այսուհանդերձ, մասնագէտ Ճեքսըն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը Միկալուն վարժեցուցած են մարդկային ոսկորներու հոտին, եւ երբ անիկա յաջողած է թիրախ դարձած հոտին ճշգրիտ ուղղութեամբ վազել, ապա նշեալ արարքին իբրեւ վարձատրութիւն` ստացած է իր գնդակը: Նշեալ երեւոյթը քաջալերած է զայն` ամէն գնով հասնելու ճշդուած թիրախին` ձեռք ձգելու համար իր այնքա՛ն սիրելի գնդակը:

Մասնագէտ Ճեքսըն ու անոր ընկերակցող մասնագէտները յատուկ արտօնութեամբ մը ձեռք ձգած են հարաւային Աւստրալիոյ թանգարանին մէջ տեղադրուած դարաւոր տարիք ունեցող մարդկային ոսկորներու հաւաքածոյէն մնացորդներ եւ զանոնք իրարմէ տարբեր հեռաւորութեամբ թաղած են հսկայ տարածութեան մը մէջ: Անոնք նաեւ անասունի ոսկորներ ցրուած են ամէնուրեք:

Մասնագէտները նկատած են, թէ Միկալուն կրցած է թաղուած ոսկոր յայտնաբերել մօտաւորապէս երեք մեթր հեռաւորութենէ, նոյնիսկ երբ այս վերջինը շատ փոքր եղած է:

Երբ մասնագէտները սպունգէ գնդակ մը դպցուցած են ոսկորներէն մէկուն ու ապա գնդակը նետած են ժայռի մը ուղղութեամբ, Միկալուն դարձեալ կրցած է գտնել հոտին հետքը:

Քանի մը տարի առաջ Միկալուն հարաւային Աւստրալիոյ մէջ յաջողած է երկու վայրկեանի մէջ գտնել վեց հարիւր տարուան գերեզման  մը, որ հսկայ տարածութեան մը մէջ եղած է:

Մասնագէտ Ճեքսըն ըսած է, թէ Միկալուն իր յայտնաբերած հնագիտական վայրը կը փորէ միայն եւ երբեք չի դպչիր ոսկորներու մնացորդներուն: Հետեւաբար անիկա որեւէ ձեւով չի վնասեր հնագիտական յայտնաբերումներուն, այլ անոր միակ նպատակը իր գնդակին տիրանալն է:

Մասնագէտ Ճեքսըն նշած է նաեւ, թէ Միկալուով  սկսուած այս աշխատանքը կարելի է շարունակել նաեւ այլ շուներ մարզելով, պայմանաւ որ անոնք ունենան այդ ներքին մղումը` նկատի ունենալով, որ շուները նման նպատակներու համար մարզելը  կրնայ նպաստել հնագիտական յայտնաբերումներու շատ աւելի ծաւալուն ու արդիւնաւէտ կերպով կայացման:

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

Share this Article
CATEGORIES