50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1962)
Տոմսեր
Խրիմեան Հայրիկի Դասը
Յօդուածագիր մը` Ե. Սիմքէշեան կ՛ոգեկոչէ Խրիմեան Հայրիկի յիշատակը եւ կը յիշէ անոր հռչակաւոր ճառը` Պոլսոյ պատրիարքական աթոռէն իր հրաժարման առթիւ: Անկեղծութեան բացառիկ օրինակ մըն է ճառը, որ ժամանակին այնքան յուզումով լսուեցաւ, եւ նոյնիսկ այսօր ալ կարելի է կարդալ` առանց անտարբեր մնալու:
Հայրիկ կ՛ըսէ, ի միջի այլոց.
«Անկեղծաբար խօսելով` ես կը ճանաչէի զիս. պատրիարքութեան բարձր աթոռին վայելուչ յատկութիւններ չունէի. այսչափ տկարութեամբ հանդերձ, քաւ թէ փառասիրութեան տենչանք մղեց զիս այս պաշտօն, ո՛չ, այլ միշտ` ազգի սէրն եւ օգնելու եռանդն»:
Ուրիշ տեղ մը կը խոստովանի դարձեալ.
«Իմ հրաժարելուս առաջին պատճառն ձանձրութիւն եւ յուսահատութիւն է: Գործելու համար եկայ, եւ բան մը չգործեցի»:
***
Մեր ո՞ր հանրային դէմքը կամ գործիչը պիտի ուզէր այսօր կրկնել` անկեղծութեան ու մեծութեան արդիւնք տիպար այս արտայայտութիւնները:
Ո՛վ կ՛ուզէք` կանչեցէք հանրային որեւէ պաշտօնի: Եթէ իր գործին արգելք մը չտեսնէ, յաճախ վազելով պիտի գայ ու ըսէ.
– Քանի որ ազգը զիս յարմար նկատած է այս պաշտօնին, ինչո՛ւ ես ինքս ինձ անյարմար նկատեմ…
Եւ ամենայն պաշտօնական լրջութեամբ գործի կը ձեռնարկէ:
Կրնայ ձախողիլ, ազգին գործերը կը խանգարուին, կամ վնասի կ՛ենթարկուին, բայց մարդուն հոգը չէ: Ոչինչ կը վերագրէ` իր անկարողութեան կամ ապիկարութեան:
– Ազգը զիս յարմար նկատեր, ընտրեր է: Ուրեմն յանցանքը ազգին է, եթէ գործերը լաւ չեն ընթանար:
Եւ ազգը կը կրէ իր անխոհեմութեան բոլոր հետեւանքները…
Խրիմեան Հայրիկ, սակայն, մարդ մը չէր, այլ մեծ մարդ մը, որ գիտէր, թէ հոն, ուր այլեւս օգտակար պիտի չկրնար ըլլալ, աթոռը լքել աւելի լաւ էր, քան խիղճը, կամ, այսպէս կոչուած` «արժանապատուութիւնը»:
Ու իր հրաժարականին մէջ, ցասումէ շատ աւելի, անչափ վիշտ կայ ազգային գործերու դժբախտ կացութեան համար:
Որովհետեւ Հայրիկ էր եւ ազգին զաւակներուն ցաւը կը զգար:
Որքա՜ն յանձնարարելի պիտի ըլլար այդ ճառը տպել ու տարածել:
ԳԻՍԱՒՈՐ
Մեսրոպ ՄաշտոցԵւ
Անգլիական Մամուլը
Եթէ Անգլիացիներն Ալ
Մեսրոպ Մաշտոց Մը Ունենային
«Տէյլի Էքսփրես»-ի նոյեմբեր 26 թիւին մէջ Փիթըր Չեմպըրզ կը գրէ.
Թերեւս մրցումներու արդիւնքները աչքէ անցուցած ատեն ձեր ուշադրութենէն վրիպած է, որ շաբաթավերջին հայ այբուբենի հնարիչ Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-րդ տարեդարձն էր:
Ես ալ պիտի փախցնէի այս դէպքը, երբ յանկարծ հեռաձայնը հնչեց: Լուսանկարիչ Այտա Քարն (հայազգի) էր:
– Մեսրոպ Մաշտոցի հանդիսութեան պիտի գա՞ս,- հարցուց:
– Հա՜-հա՛,- պատասխանեցի խոհեմօրէն եւ պահ մը վերջ հարցուցի,- ի՞նչ է:
– Ամբողջ աշխարհի հայերը կը տօնեն զայն,- ըսաւ օր. Քար:
Եւ նշանաւոր հայերու անունները տուաւ` Ուիլիըմ Սարոյեան` ամերիկացի թատերագիրը, Անաստաս Միկոյեան` Խորհրդային Ռուսիոյ փոխվարչապետը, Օթթավայէն աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Քարշ, Այտա Քար` լոնտոնցի լուսանկարիչ:
– Մէկ խօսքով` բոլոր նշանաւոր հայերը,- ըսաւ Այտա Քար:
Այտա Կը Սխալէր
Այտա Քար կը սխալէր սակայն: Հեռաձայնեցի Անգլիոյ ամենահռչակաւոր հայուն` Նուպար Կիւլպէնկեանին եւ հարցուցի.
– Ներկայ պիտի ըլլա՞ք Մեսրոպ Մաշտոցի հանդիսութեան:
– Ո՛չ,- պատասխանեց կտրուկ կերպով:
Պատմութեան մէջ քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունող աշխարհի չորս միլիոն հայերուն կէսը կ՛ապրի Խորհրդային Միութեան մէջ:
Բացի անգլիաբնակ 3500 հայերէն, մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հանդիսասրահին մէջ:
Փարիզէն եւ Քեմպրիճէն ժամանած փրոֆեսէօրները կը խօսէին «հանճարեղ» Մաշտոցի մասին:
– Մեսրոպ Մաշտոց մեր եկեղեցւոյ սուրբն է,- յայտարարեց Լոնտոնի հայոց առաջնորդ Պսակ եպս. Թումայեան:- Ան տեսիլքի մը մէջ տեսած էր այբուբենը:
Իր տեսակին մէջ միակ եւ 36 տառերէ բաղկացեալ, հայերէն տառերով այսպէս կը գրուի մեր թերթին անունը.
Տէյլի Էքսփրես
Հանելուկի՞ կը նմանի: Լեզուագէտներ կ՛ըսեն, թէ գեղեցիկ ու պարզ է եւ իբրեւ Ֆոնեթիք` կատարեալ, հայերէնը:
– Անգլերէնի մէջ աուկ հնչելու ութ տարբեր ձեւեր ունինք,- ըսաւ Քեյմպրիճի համալսարանի լեզուաբաններէն տոքթ. Տէյվիտ Տիրինկըր` անդրադառնալով անգլերէնի անբաւարարութեան: Եթէ անգլիացիներս ալ Մեսրոպ Մաշտոց մը ունեցած ըլլայինք, պէտք պիտի չունենայինք մեր այբուբենը լատիններէն վերցնելու եւ մեր լեզուն չարչարելէ պիտի փրկուէինք, եզրակացուց տոքթ. Տէյվիտ Տիրինկըր:
«ՅԱՌԱՋ»

