ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆԻՒԹ, ԻՍԿ ՊԸՐՐԻ` ՅՈՒՍԱՀԱՏ

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Պիտաուի

«Լիբանան շատ սուղ գին վճարեց ահաբեկչութեան դէմ իր կեցուածքին մէջ, այսուհանդերձ մենք պիտի շարունակենք մեր ճիգերը Արաբական լիկայի ծիրին մէջ», յայտարարեց նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ` նշելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ անոր յանցագործները հաշուետուութեան կանչելը միջազգային միացեալ հասարակաց ճիգ է, որուն Լիբանան եւս կը մասնակցի:

Նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պիտաուին, որ եգիպտական ղեկավարութեան կողմէ հանրապետութեան նախագահին յանձնեց նամակ մը, որ կը վերաբերի Արաբական լիկայի նոր ընդհանուր քարտուղարի մը ընտրութեան հարցին` փոխարինելու համար Ամր Մուսային, որուն պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի մօտ օրէն:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան գծով ճիգերը շարունակուեցան լուսարձակներէ հեռու, յատկապէս` նախարար Պարուտի ցուցաբերած վերջին կեցուածքէն ետք` «զիջելու ներքին գործոց նախարարութիւնը, եթէ այդ մէկը կը լուծէ տագնապը»: Արդարեւ, հանդիպումները երէկ շարունակուեցան քուլիսներու ետին` Պաապտայի, Այն Թինէի, թէ Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք գանած է եւ յուսահատ կացութեան բարելաւման գծով:

«Կառավարութեան կազմութեան արգելքը ներքին` լիբանանեան սին ու անհեթեթ պատճառ մըն է եւ այս գծով այլեւս չեմ ուզեր արտայայտուիլ», ընդգծեց Պըրրի` շեշտելով մամլոյ եւ հաղորդակցութեան միջոցներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը հարցերու պարզաբանման մէջ: Պըրրի իր այս կեցուածքը դրսեւորեց ընդունելէ ետք Լիբանան ժամանած մամլոյ գործակալութեանց պատուիրակութիւն մը:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը առանցքը կազմեց նաեւ վարչապետ Միքաթիի հանդիպումներուն: Ան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ դեսպանը` միասնաբար քննարկելով Լիբանանի ու շրջանի վերջին իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES