ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ  «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, 13 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ  ընկերային հանդիպում-նախաճաշ «Ռուբէն» ակումբի սրահին  մէջ:

Ներկայութեամբ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ  Սօսի  Քէօյլեանի, քոյր մասնաճիւղերու  ներկայացուցիչներու, տիկնանց միութիւններու, հրաւիրեալներու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի  համակիրներու, բացումը կատարուեցաւ  ձեռնարկին` յոտնկայս երգելով ԼՕԽ-ի քայլերգը:  Ապա  մասնաճիւղի ատենապետուհի Զեփիւռ  Պռնըեագրապեան ողջունեց ներկաները` հակիրճ ձեւով ներկայացնելով օրուան յայտագրին գլխաւոր կէտերը: Ապա ան խօսքը փոխանցեց  օրուան դասախօսուհիին` Սիրուն  Վարդապետեանին, որ նախ անդրադառնալով ԼՕԽ-ի լայնածաւալ աշխատանքի տարողութեան եւ ԼՕԽ-ականի առաքելութեան,  ներկայացուց  դասախօսութեան նիւթը` «Կենսանիւթեր»: Ան բացատրեց, որ մարդու մարմնին մէջ  նիւթափոխանակութիւնը հիմնական  է կարգաւորելու համար կենսանիւթերը: Ան յստակացուց, որ մարդկային մարմինը չի կրնար  առանձինն  արտադրել զանոնք, այդ  կենսանիւթերը մարմին մուտք կը գործեն սնունդի եւ միջավայրի միջոցով:

Անդրադառնալով  կենսանիւթերու տեսակներուն, բժշկուհին խօսեցաւ կենսանիւթ Էյ. Տի. Ի. Քէյ. Պի. եւ Սի.ի մասին` տալով մանրամասնութիւններ իւրաքանչիւրի պարտականութեան ներծծման  ձեւի, անբաւարարութեան  ախտանիշներուն մասին, որոնք պատճառ կը դառնան ներքին  օրկաններու գործունէութեան խանգարումի եւ մարմնի դիմադրողականութեան նուազումի:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ  վիճակաձգութիւն,  եւ կատարուեցան  նուիրատուութիւններ:

Վարձքը կատար մասնաճիւղի  վարչութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )