ԼՕԽ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 13 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբէն Շաքէ Գարայեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ. «ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան դաշտը հսկայական է, ան իր մասնաճիւղերով ու յանձնախումբերով անշահախնդիր աշխատանք կը տանի` հասնելու ժողովուրդին ծով կարիքներուն»: «Ընկերայինի ու առողջապահականի կողքին, ԼՕԽ-ը առաջնահերթ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ կրթական մարզին, որուն յանձնառու է կրթանպաստի յանձնախումբը», աւելցուց ան: Այս առթիւ խօսք առաւ նաեւ Քրիստին Սարգիսեան` նիւթ ունենալով «Հայ ընտանիքը հայ պահելու հրամայականը»: Ք. Սարգիսեան նախ անդրադարձաւ ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութեան մասին` շեշտելով, որ գոյատեւելու համար ընկերութեան մէջ եւ որպէս յաջող անհատ ապրելու համար կարեւոր է առողջ ու համերաշխ միջավայր ապահովել: Դասախօսուհին մատնանշեց, որ մանուկները պէտք ունին սիրոյ եւ ժամանակի, ծնողներ պէտք է ընկեր դառնան ու մասնակից` անոնց մտահոգութեանց, գտնեն զաւակներու անհատականութիւնը զօրացնող ձեւը ու կեանքը դրական կերպով դիտելու պատրաստակամութիւնը: Այստեղ դասախօսուհին շեշտը դրաւ հայ դպրոցի առաքելութեան վրայ` ընդգծելով, որ անիկա առաջնահերթ հայակերտումի դարբնոցն է ու ծնողներուն թելադրելով իրենց զաւակները վստահիլ միայն հայ վարժարանին:
Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Մակի Տէր Խաչատուրեան` ասմունքելով Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» քերթուածները:

