Հայերէն Գիրք Փնտռողը Կատարեալ Յիմար Ըլլալու Է

Կեդրոնականցի Արմենակին կողմնացոյցը փճացած է: Նաւազները առանց անոր կը յիմարանան եւ կը կորսուին ովկիանոսներու անսահմանութեան մէջ:

Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայաքաղաքին մէջ թափառիլ կը սիրէ Արմենակ: Հայ եւ հայեր կը տեսնէ ու կը լսէ: Կ’ըսէ, որ հոն հայ ժողովուրդ կ’ապրի, ժողովուրդ` հոմանիշ ողջմտութեան: Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի մտածէ:

Իր վաղեմի դասընկեր ոսկերիչ Արթաքին զինք եւ Էլպիսը հրաւիրած է Նոր տարին միասին տօնելու: Մակարուհին եւ Մակարս եկած էինք հարսանիքի մը համար: Դիպուած:

Չորեքշաբթի առաւօտ զիրար գտանք Արմենիա պողոտային վրայ, Պուրճ Համուտ: Նեղ մայթին վրայ տարածուած սրճարանի սեղանին շուրջ նստանք եւ կաթով պատրաստուած եռացող «սահլապ» ապսպրեցինք, որուն վրայ ցանուած կասիան երանութեան բոյր էր: Սպասարկողը ներկայանալի հայ երիտասարդ մըն էր:

– Շատ համեղ է,- ըսաւ Արմենակ:
– Մերսի, ճըտտօ, անուշ ըլլայ, ղուրպան ձեզի:

Արմենակին դգալը օդին մէջ մնաց: Բոլոր պոլսեցիներուն պէս քաղաքավար` ըսաւ.

– Ինչո՞ւ չես ըսեր` ձեզ մատաղ, հայրի՛կ: Հայկական վարժարան գացե՞ր ես:
– Այո, հայրիկ:
– Ուրեմն լաւ հայերէն գիտես:
– Այո, եւ լաւ գիտեմ:
– Ինչո՞ւ օտար բառեր կը գործածես, ղուրպան, ճըտտօ:
– Եթէ մաքուր հայերէն խօսիմ, վրաս կը խնդան:
– Ուրեմն այդպէս, այս հայ քաղաքին մէջ մաքուր հայերէն խօսողը ծիծաղելի՞ կ՛ըլլայ: Հասկցայ, տղաս,- ըսաւ Արմենակ:

Ծիծաղելի չըլլալու համար հայերէնը պատէ պատ զարնող հայը հեռացաւ, Արմենակ շարունակեց.

– Ա՛լ բան չեմ հասկնար: «Մերսի»-ն «սիթիզըն» ըրած ենք արդէն, վաղը «ղուրպան»-ն ալ կ’ընենք: Չեմ զարմանար: Հայաստան մեր գրոց բրոցներն ալ «վերլիբր»-ը «սիթիիզըն» ըրած են, «դրամատուրգ»-ն ալ, «ռեստորան»-ն ալ, «ռելս»-ն ալ, եւ ինչե՜ր, բայց տեսայ, որ պատի մը վրայ գրուած «քոմփիւթըր»-ը հայացած էր եւ եղած համակարգիչ: Այդ ընողը հաւանօրէն ծիծաղելի ըլլալու ցանկութիւն ունեցած է, կամ գիշերները որպէս հտպիտ կ’աշխատի կրկէսի մը մէջ: Առաջ հայերէն չգիտցողները կոպիտ սխալներ կ’ընէին եւ կը խնդայինք, հիմա հայերէն գիտցողները սխալներով պիտի խօսին, որպէսզի խնդալիք չըլլան:

Արմենակին «սահլապ»-ը պաղած էր: Մակարուհի եւ Էլպիս շուկան պիտի պտտէին, մենք ալ գրախանութ գացինք:

Երբ հասանք, Արմենակ չորս կողմը նայեցաւ: Հարցուցի.

– Ի՞նչ կը փնտռես, Արմենակ:

– Կը նայիմ, որ մարդիկ չտեսնեն, թէ հայկական գրախանութ կը մտնենք: Եթէ տեսնեն, քաղաքի երկու հոգեբուժարաններէն մէկը կը տանին որպէս խենթ: Եթէ մաքուր հայերէն խօսողը ծիծաղելի է, հայերէն գիրք փնտռողը կատարեալ յիմար ըլլալու է:

Վտանգը դիմագրաւելով` մտանք գրախանութ: Վաճառող տիկինը չվախցաւ:

Չգիտցաւ, որ յիմարներ եկած էին:

ՄԱԿԱՐ, ի Հայաքաղաք որ կոչի Համուտի Աշտարակ

Ամանորէն 17 օր առաջ, 2012

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )