Վարդգէս Հայրապետեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

Սիրելի եղբայր Վարդգէս, անմոռանալի եւ ծառայասէր բարեկամս,

Բազում տարիներ ալ սահին, յիշատակդ պիտի մնայ անթառամ:

2011 դեկտեմբերի ձմրան օր մը յաւերժի ուղեւոր դարձաւ սիրելի եւ յարգելի անձնաւորութիւն մը` Վարդգէս Հայրապետեան:

Ազնուազարմ հայ մը ընդմիշտ բաժնուեցաւ մեզմէ` ետին ձգելով անմոռաց վառ յուշեր:

Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր վախճանը, բայց մարդկային կեանքի մէջ այդ անխուսափելի պահը, այդ հրաժեշտի պահը խորհրդաւոր էր, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը կը գտնէր վերջ:

Այսօր մեր յիշողութեան առջեւ կը կանգնի բարի ու ժպտադէմ, տարիներու բեռան տակ կքած, շենշող բնաւորութեամբ, մնայուն ժպիտով, հայ հօր ամրակուռ հաւատքով, անանձնական սիրոյ ապրումներով եւ ապագայի հանդէպ միշտ վառ յոյսերով, որ կեանքի իր վազքին մէջ ու թոհուբոհին, ասպարէզային իր բարոյական յառաջընթացին մէջ չգայթեցաւ եւ չգոռոզացաւ, այլ մնաց միշտ հեզ ու բարի:

Ամուսնացած` Ճենի Ֆայըլպաշեանի հետ, 1960-ին, անոնք բախտաւորուեցան երեք զաւակներով` Անի, Գրիգոր եւ Արա:

Ան մնաց օրինակելի հայր մը մինչեւ իր վերջին շունչը: Դաստիարակեց իր զաւակները մինչեւ անոնց յաջողութիւնը` ըլլայ այդ ուսումի եւ հայրենասիրութեան: Ան հանդարտօրէն գոհացում կու տար իր զաւակներուն բոլոր այն հարցումներուն, որոնք կ՛առնչուէին կեանքի փորձառութեան զանազան հանգրուաններուն:

Սրտակցիլ գիտէր, որովհետեւ ազնուօրէն բարի էր հոգիով, մարդոց հանդէպ` բաց ու փխրուն հոգիով, բռնազբօսիկ ու ժամանակաւոր երեւոյթ մը չէր, արտաքին փայլուն շպար չէր, այլ ծնունդով եկած` մնայուն երեւոյթ մըն էր իր մէջ:

Եղբայր Վարդգէս Հայրապետեանին ողջ էութիւնը, իւրաքանչիւր բջիջը կ՛ապրէր ու կը գործէր անխտրական ոգիով` բարօրութեանը համար իր նմանին: Ու կարելի է զարմանալ, թէ այդքա՞ն մարդասիրութիւն եւ մարդկայնութիւն, լեռնակուտակ այդքա՞ն ուշադրութիւն, հոգածութիւն ու սէր իր նմանին ու նմաններու հանդէպ, ի՞նչպէս կը դառնար կարելի` պարփակուելու համար ազազուն փոքրիկ, անցողական մարմնի մը մէջ:

Եղբայր Վարդգէսը ճանչնալու համար հարկ չկար երկարատեւ բարեկամութիւն հաստատելու իրեն հետ, կը բաւէր ակնթարթային հանդիպում մը, բառ մը` անխուսափելի ժպիտով թաթաւուն, արդէն ծանօթացած կ՛ըլլայիր` վստահութիւն քաղելով իր անհատականութենէն ու ծով մարդկայնականութենէն:

Մշակութային թէ ընկերային, նոյնիսկ քաղաքական բնոյթի շուրջ խօսակցութիւններու պահուն կ՛ունենար իր շինիչ թելադրանքը, զոր կը հաստատէր եւ կ՛իւրացնէր: Չէր անտեսեր զրուցակիցին համոզումները, այլ մտիկ կ՛ընէր ժպտուն: Խօսողէ աւելի` մտիկ ընելու արուեստին թափանցած էր ան, ինչ որ զինք աւելի համակրելի կը դարձնէր: Կը զգայիր, թէ կ՛արժեւորէր նոյնիսկ համեստ արժանիքի տէր անձ մը:

Ժամանակէ մը ի վեր ֆիզիքական եւ առողջական հարցեր կը դիմագրաւէր` քաջութեամբ ու լաւատեսութեամբ:

Սակայն անխոցելի կը մնար իր հաւատաւոր հոգին` ՀՄԸՄ-ականի եւ դաշնակցականի բարոյական հզօր ոգին, եւ իր տոկուն հաւատքը` ի սէր հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման:

Հակառակ իր ֆիզիքական հետզհետէ նշմարելի մաշումին՝ կը պահէր, սակայն, իր պայծառ բանականութիւնը, իր կռանուած տրամաբանութիւնը, հայերէնով արտայայտելու իր ազնիւ ոճը:

Խոր հաւատք ու պաշտամունք ունէր ՀՄԸՄ-ի եւ Դաշնակցութեան նուիրեալներուն, անոնց տոկուն կազմակերպութեանց, ոգեղէն արժէքներուն եւ ընկերասիրութեանց:

Եղբայր Վարդգէսին համար մեծ կամ փոքր ընտանեկան, ազգային, կազմակերպական եւ կամ հայրենակցական միութեան կապուած եւ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր գոյութիւն չունէին: Ամենայն բարեխղճութեամբ եւ մանրամասնութիւններն անգամ չանտեսող նուիրուածութեամբ կը կատարէր իրեն վստահուած պարտականութիւնները:

Կեանքի ասպարէզին մէջ եւս յաջողութիւն գտած էր, երբ Հալէպի Այ. Փի. Սի. ընկերութեան մէջ կարեւոր պաշտօն մը ստանձնելէ ետք, իր տարած աշխատանքին համար գնահատուած էր թէ՛ ընկերութեան պատասխանատուներուն եւ թէ՛ իր գործընկերներու կողմէ:

Ես կը յիշեմ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հերթական ժողովի մը ընթացքին կը զրուցէր հետեւեալը. «Եղբայրներ, իւրաքանչիւր առաքելութիւն, որ մեր ուսերուն վրայ կը բեռցուի, ինչ որ ալ ըլլան անոր արգելք հանդիսացողները, պէտք չէ յուսահատիլ, ընդհակառակը, առանց ետդարձի պէտք է շարունակենք այդ առաքելութիւնը հասցնելու իր նպատակին, որպէսզի մեզ յաջորդողներուն օրինակ ըլլայ, եւ անոնք եւս շարունակեն ՀՄԸՄ-ի ի նպաստ առաքելութիւնները իրագործել»:

Եղբայր Վարդգէս մնաց միշտ տառապող ՀՄԸՄ-ական եւ դաշնակցական հայը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ, ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբի երկարաշունչ ծառայող ընկեր, երկար տարիներու ատենապետ` Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, ուր մատուցեց բազմաթիւ ծառայութիւններ:

Ան խանդավառուած էր Հայաստանի վերանկախացումով: Իր խոր փափաքն էր, որ իր պաշտած կազմակերպութիւնները եւ անոնց ազգային գաղափարները անսակարկ ներդրումներով իրականանան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` առանց մոռնալու սփիւռքեան մեր բոլոր քոյր կազմակերպութեանց կառոյցներն ալ զօրաւոր պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Եղբայր Վարդգէսին համար մեր ազգային թէ կազմակերպական կեանքին մէջ արձանագրուող որեւէ թերութիւն կ՛արժանանար իր անաչառ ու շինիչ քննադատութեան, իսկ որեւէ արձանագրուող հեռատեսութեամբ շինիչ յաջող առաքելութիւն մը իր հոգին կը լեցնէր ուրախութեամբ:

Հոն, ուր խնդրոյ առարկայ էր ՀՄԸՄ-ի վարկը, եղբայր Վարդգէս կը դառնար անդրդուելի ՀՄԸՄ-ապաշտ եղբայրը:

Այս տխուր առիթով, շրջանի բոլոր ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուն, Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ զինք սիրողներուն եւ յարգողներուն, խորազգաց ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ, ինչպէս նաեւ` իր այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն:

Վարձքդ կատար, սիրելի ՀՄԸՄ-ական հաւատաւոր եղբայր, հիւրընկալ այս հողը թեթեւ ճնշէ քու յոգնատանջ ուսերուդ:

Սիրելի եղբայր Վարդգէս, ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղօրէն ննջէ:

Խունկ եւ մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ

Պ. Համուտ, 23 դեկտեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )