Մատթէոս Պէրպէրեանի Յիշատակին

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Ընկեր Մատթէոս Պէրպէրեանը չկայ այլեւս: Կայ անոր յիշատակը, կայ մանաւանդ անոր գործը, գլխագիր ԳՈՐԾ-ը: Որովհետեւ ան ամբողջ կեանք մը գործեց առանց խօսելու, առանց երեւելու: Նկարագրային այս գիծը, այս բնաւորութիւնը նաեւ պատճառն է շատ հաւանաբար, որ շատեր չիմացան անոր գործունէութեան մեծ տարողութիւնը:

Սուրիայէն Լիբանան, Լիբանանէն Ֆրանսա, Մատթէոսը գործեց դաշնակցական մարդու յատուկ ու վայել պարտաճանաչութեամբ ու կարգապահութեամբ, ու մանաւանդ` գաղափարապաշտ մարտունակ ոգիով:

Պէյրութի Ճեմարանի շրջանաւարտ, նոյն Ճեմարանին մէջ գիտութեան ուսուցիչ, քիմիագէտ մեր ընկերը ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան շարքերուն մէջ արդէն իսկ կը նկատուէր ապագայ ուժ: Զաւարեանի ղեկավարութիւնը ձեռնհասութեամբ վարեց այն օրերուն, երբ հայ քաղաքական դաշտն ու միտքը կլանուած էին զինեալ պայքարի տարբերակով, երբ լիբանանահայ համայնքը դիմած էր ինքնապաշտպանութեան օրինակելի գործին, ուր եւս Մատթէոսը ներկայ էր պատնէշի վրայ:

Բայց կազմակերպական-կուսակցական ու ազգային պարտականութեան ընթացիկ այս առօրեայէն անդին` կը մնար հանգուցեալ մեր ընկերոջ մտաւորական աշխարհը, թաքուն իր ներաշխարհը: «Ազդակ» օրաթերթէն մինչեւ «Կամք» եւ ապա ամբողջ երեսուն տարի ռատիոյի խօսափողէն հնչեց Մատթէոսին արեւմտահայերէնը, իւրայատուկ ոճով արտայայտուած, ջինջ, զուլալ ու մաքուր: Արեւմտահայերէնի լաւ իմացութեան զուգահեռ, Մատթէոսը լաւ ճանչցողները պիտի վկայեն նաեւ ֆրանսերէն լեզուի անոր լաւ իմացութեան մասին: Մօտէն պէտք էր ճանչնալ Մատթէոսը` ըմբռնելու համար անոր նկարագրային խորունկ գիծերն ու բարձր կարողութիւնները: Անձամբ Մատթէոսը ճանչցած եմ նախակրթարանի գրասեղաններուն ետեւէն, Ճեմարանի մէջ, ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ու ԶՈՄ-ի իբրեւ աշխուժ պատասխանատու եւ յատկապէս վերջին հնգամեակին` իբրեւ մօտիկ կուսակից: Հետեւաբար տարիներու երկայնքին ճանչնալով է, որ վեր կ՛առնեմ անոր երախտաշատ գործին արժէքն ու կը կատարեմ դամբանական հրաժեշտի այս «դաժան» պարտականութիւնը, ո՛չ իբրեւ յաւուր պատշաճի, այլ` իբրեւ ապրուած վկայութիւն, անկեղծ ու հարազատ, առանց շռայլելու, նոյնիսկ եթէ ինք պիտի չուզէր խօսիլ իր մասին, փառաբանել զինք, գովաբանել իր գործը:

Այո՛, կարգին մտաւորական էր Մատթէոսը, իրա՛ւ մտաւորական, ո՛չ կեղծ, ո՛չ գիտոսիկ, ո՛չ պոռոտախօս, ընդհակառակը` զուսպ, թաքուն: Ընդհանուր զարգացման շտեմարանն էր նաեւ ան, այնքա՜ն կարդացած ու գիտութիւն ամբարած իր մէջ, վերլուծելու բացառիկ դիտանկիւնով միաժամանակ: Սակայն մի՛շտ համեստ, հեզ, աւելի շատ լսող, մտիկ ընող, քան` խօսող, առանց քարոզ ու դաս տալու դիմացինին, առանց իր խոր գիտութիւնը պարտադրելու ուրիշին: Հուսկ, իսկական մտաւորական մարդու վայել վարքագիծով: Ներամփոփ, ինքնամփոփ ու սակաւախօս մեր ընկերը այս բոլորին կողքին բացառիկ սրամիտ էր նաեւ, յատկապէս մտերմութեան ընթացքին, քաղաքական երանգներով ու սլաքներով դրսեւորուող սրամտութիւն:

Իր սրամտութեան դիպուկ օրինակ կը մնայ իր անունին կապուած իր տուած բացատրութիւնը: Երբ հարց կը տրուէր յաճախ անունին երկուութեան մասին` Մատթէոս Պէրպէրեա՞ն, թէ՞ Վաչէ Պօղոսեան, ան կը պատասխանէր հետեւեալը. հայութիւնը միշտ երկու սրբութիւն միատեղ պահպանած է. երկու լեզու` արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, երկու կաթողիկոսութիւն` Էջմիածին, Կիլիկիա, երկու հանրապետութիւն` Հայաստան, ԼՂՀ, եւ` մասամբ նորին…

Այս բոլորէն ետք ու անդին, սակայն, երբ թափանցենք աւելի խորերը Մատթէոսի խորունկ ներաշխարհին, հետեւեալը պիտի հաստատենք անոր մօտ անվարան. գաղափարական կուռ համոզում, համազգային մտածողութիւն, մարտունակ ու յեղափոխական ոգի, անսահման սէր ազգի ու հայրենիքի նկատմամբ, պատկառանք` դաշնակցական արժէքներու հանդէպ, որոնց անզիջող ու անսակարկ երդուեալն ու նուիրեալը մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը:

Վերջին անգամ ըլլալով, ափսոս, բոլորս միասին բարձրաձայն ու լիաթոք կ՛ըսենք «վարձքդ կատար», սիրելի՛ ընկեր, մինչ գործդ, գլխագիր ԳՈՐԾ-դ կը շարունակեն գաղափարակից ընկերներդ, մնացողները, մինչեւ քու դաւանած ու ծառայած իտէալիդ յաղթական պսակումը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )