Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Թուրէ` Ափրիկէի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Մանչեսթըր Սիթիի 29 տարեկան միջնապահ Եայա Թուրէ, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ Ափրիկէի լաւագոյն ֆութպոլիստը` գերազանցելով Փղոսկրեայ Ափունքի իր ազգակիցը եւ խմբապետը` Տիտիէ Տրոկպան:
Այս ընտրութիւններուն մասնակցեցան Ափրիկէի ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզիչները եւ թեքնիք տնօրէնները:
Թուրէի եւ Տրոկպայի ետին երրորդ դիրքը գրաւեց քամերունցի միջնապահ Ալեքս Սոնկ:
CATEGORIES Մարզական