Ժիւտօ. Միջազգային Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Տարուան
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 28-30 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ տարուան: Այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ 11-13 յունուար 2013-ին:
Ֆետերասիոնը ընդառաջեց մասնակցող երկիրներուն խնդրանքին` մրցաշարքը կատարելով տօնական օրերէն ետք:
CATEGORIES Մարզական

