Էն. Պի. Էյ. Վուլվզ Վերջ Մը Դրաւ Օքլահոմայի Յառաջախաղացքին
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ երէկ տեղի ունեցան երեք հանդիպումներ, սակայն Մինեսոթա Վուլվզ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 99-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օքլահոմա Սիթին:
Այս յաղթանակը կարեւոր էր, որովհետեւ Վուլվզ յաջողեցաւ վերջ մը դնել Օքլահոմայի յառաջխաղացքին: Օքլահոմա վերջին 12 մրցումներուն միշտ ալ կը յաղթէր իրեն:
Երէկուան այս մրցումին Օքլահոմայի մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 33 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք` 30 կէտ:
Մայեմի Հիթ 110-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մավըրիքսը, իսկ երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 101-93 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցի:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մավըրիքս
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց

