Դէպի Հալէպ Օժանդակութեան Փորձերը Կը Խափանուին
Սուրիացի չորս գործարարներ` Ֆարես Շահապի, Մոհամետ Սարմինի, Ապտել Քարիմ Սայէտ եւ Լեւոն Զաքի Ետալեան` նկատի ունենալով Հալէպի մէջ վերջին շաբթուան ընթացքին ստեղծուած հացի չգոյութեան տագնապը, նախաձեռնած են Լիբանանէն Հալէպ 25 հազար կապ հաց ուղարկել:
Հացերով ծանրաբեռնուած բեռնատարը Լիբանանէն Դամասկոսի վրայով ճամբայ ելաւ դէպի Հալէպ, սակայն Հալէպէն 75 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` Ռագգաի եւ Հալէպի միջեւ գտնուող Մասքանէ գիւղաքաղաքին մէջ բեռնատարին վարորդն ու անոր օգնականը առեւանգուեցան` հացերով միասին: Աւելի ուշ կարելի եղաւ վարորդն ու օգնականը վերադարձնել, սակայն հացերը չկային:
Այս նախաձեռնութեան ընդմէջէն Լեւոն Զաքի Ետալեանի մասնակցութեամբ հաց պիտի ապահովուէր նաեւ հալէպահայ ընտանիքներուն, այս առնչութեամբ տեղեակ են Հալէպի երեք համայնքապետերը:
Թէեւ այս նախաձեռնութիւնը կարելի չեղաւ նպատակին ծառայեցնել, սակայն գործարարները վճռական են եւ այս անգամ նորանոր ծրագիրներու ու աւելի երաշխաւորուած ձեւերու մասին կը մտածեն, որպէսզի հաց հասցնեն Հալէպ:

