Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Յանձնախումբը Ներկայացուց 2012 Թուականի Գործուղումը
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» յանձնախումբին հիմնական ծրագիրը գործուղումն է: Տարուան ընթացքին կատարած բոլոր աշխատանքները կը նպատակադրեն գործուղումին յաջողութիւնը:
ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» յանձնախումբը 2004 թուականէն ի վեր կը կատարէ գործուղումներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Առաջինը սկսաւ Սիմոն Զաւարեանի ծննդավայրէն` Լոռիէն, ուր շինարարական աշխատանք կատարուեցաւ գիւղի դպրոցին մէջ: Յաջորդող տարիներուն գործուղումը սկսաւ ազգային եւ դաստիարակչական բնոյթ ստանալ եւ կեդրոնացաւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ:
«Դէպի երկիր» յանձնախումբը յաջորդաբար ութերորդ տարին ըլլալով անցնող ամառ կազմակերպեց եւ իրագործեց գործուղում մը դէպի հայրենիք: Յանձնախումբը երէկ` ուրբաթ, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ ներկայացուց 2012 տարուան ընթացքին կատարած գործուղումը «Քաշաթաղը իմ տունն է 2012» խորագիրին տակ: Ձեռնարկին ներկայ էին նախկին եւ ներկայ զաւարեանականներ: Հանդիպումին Հայաստանէն հրաւիրուած էին Արցախի ազատամարտիկ Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը` Ասպրամը եւ կինը` Իրինան:
Հինգերորդ անգամ ըլլալով գործուղման ծրագիրը իբրեւ թիրախ ունեցաւ Քաշաթաղը. այն վայրը, որ ունի ռազմավարական մեծ նշանակութիւն` իբրեւ Արցախը Հայաստանին միացնող շրջան. այն վայրը, որ ունի բերրի հող, ուրեմն` վերաբնակեցման նպաստաւոր պայմաններ:
Ձեռնարկին բացման խօսքին աւարտէն ետք, Արա Գասապեան ուղղեց Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան խօսքը: Ան յայտնեց, որ ««Դէպի երկիր» գործունէութիւնը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ միութեան աշխատանքներուն հիմնական բաժիններէն մէկը, այնքան ատեն որ Արցախը տակաւին կարիքը ունի մեր ներդրումներուն, յատկապէս Արցախի Քաշաթաղի շրջանը»: Ան Զաւարեան ուսանողական միութեան անունով նաեւ հաստատեց, որ ««Դէպի երկիր» գործուղումները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ տարիներուն` ընդարձակելով իրենց գործունէութեան դաշտը եւ բարեփոխելով բնոյթն ու ձեւը դէպի լաւագոյն արդիւնաբերութիւն»:
Ապա 2012 տարուան գործուղումը մանրամասնօրէն ներկայացուեցաւ տեսերիզի միջոցով. գործուղումը տեղի ունեցաւ 13 յուլիսէն 10 օգոստոս` Կովսական գիւղին մէջ: ԶՈՄ-ի կողմէ գործուղուած էին տասը ընկերներ: Ճամբարին մասնակցեցան 150 աշակերտներ, որոնք ժամանեցին Կովսական, Վան, Միջնաւան, Մուշ եւ Ալաշկերտ գիւղերէն: Փոքրիկները ունէին ամէնօրեայ ծրագիրներ:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Սագօ Հալլաճեան, որ դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պար»-ը:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, նախկին զաւարեանականները առիթը ունեցան ներկայացնելու իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները յառաջիկայ գործուղումներուն կապակցութեամբ:
Հաւաքի աւարտին խօսք առաւ Ասպրամ Կրպէեան: Ան յայտնեց, որ շատ ուրախ է ԶՈՄ-ի հրաւէրին ընդառաջելով եւ կրկնակի երջանկութեամբ լեցուեցաւ, երբ ԶՈՄ-ի անդամներուն մէջ նկատեց ազգային շունչ ու ոգի: Վերջապէս, ուժ, եռանդ ու կորով մաղթելով ԶՈՄ-ին, Ասպրամ Կրպէեան յայտնեց, որ միշտ պատրաստ է աջակցելու ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Ձեռնարկի աւարտին ԶՈՄ-ի կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Թաթուլ Կրպէեանի ընտանիքին:
ԶՈՄ-ը, գիտակցելով Արցախի ժողովուրդին առողջապահական, կրթական, կենցաղային պայմաններուն բարելաւման, վերականգնման ու վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան, կը հաստատէ, որ 2004-ին սկսած այս գործը հաստատ քայլերով պիտի շարունակէ նաեւ յառաջիկայ տարիներուն` հաւատալով Արցախի փառապանծ անցեալին ու պայծառ ապագային:


