Նիժնի Նովկորոտի Պետական Համալսարանին Մէջ Լսարան` «Ազդակ»-ի 85-ամեակին Առիթով

Այսօր կէսօրին Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ քաղաքի պետական համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ գործիչներու եւ հայագիտական ուսմանց ուսանողներու միացեալ լսարան, որուն նիւթը յատկացուած է «Ազդակ» օրաթերթին` անոր հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով:

Ներկայ պիտի ըլլան տեղւոյն հայ համայնքի պատասխանատուները, հայատառ եւ ռուսատառ մամուլի ներկայացուցիչները եւ հայագիտական բաժանմունքի ուսանողները: Սփիւռքեան հարցերու, լիբանանահայ համայնքին եւ «Ազդակ» օրաթերթին մասին պիտի զեկուցէ «Կամուրջ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Լիանա Զախարեան, որմէ ետք «Ազդակ»-ի անցած ուղիին մասին վաւերագրական տեսերիզ մը դիտելու առիթը պիտի ունենան ներկաները: Ձեռնարկի ընթացքին կապ պիտի հաստատուի «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ:

«Կամուրջ» թերթը իրաւամբ այսպիսով կը կամրջէ նոր ու դասական սփիւռքներու հայաշատ գաղութները:

Share this Article
CATEGORIES