ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Որդեգրեց Մալի Զօրք Ուղարկելու Որոշումը
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Մալի միջազգային ուժեր ուղարկելու որոշումը: Ըստ հրապարակուած տեղեկատուութեան, որոշումը որդեգրուած է միաձայնութեամբ:
Առաքելութեան մասնակից զինուորներուն արտօնուած է «անհրաժեշտ միջոցառումներու» ձեռնարկել Մալիի կառավարութեան օգնելու համար. միջազգային ուժերը երկրին հիւսիսային շրջաններուն մէջ պայքար պիտի մղեն «ահաբեկչութեան, ծայրայեղականներու եւ զինեալ խմբաւորումներու» դէմ:
Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներուն համամտութեամբ որդեգրուած բանաձեւին մէջ ընդգծուած է, որ գործողութիւնը պէտք չէ խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքն ու մարդկային իրաւունքները: Սկզբնական լիազօրութիւնը տրուած է մէկ տարի ժամկէտով:
Միջազգային ուժերուն յանձնարարուած է նախապատրաստուիլ իրենց զինուորական գործողութեան, որ հաւանաբար պիտի սկսի ոչ աւելի կանուխ, քան սեպտեմբեր 2013-ին:
Յիշեցնենք, որ անջատողական զինեալ խումբերը, որոնք Քայիտայի հետ կապ ունին, 2012-ի գարնան գրաւած էին Մալիի հիւսիսը:


