Վրաստան Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Վերադարձման Համար Նոր Մարտավարութեան Կը Ձեռնարկէ
«Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը մտադիր է 6-7 տարուան ընթացքին արդիւնք ստանալ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ վերադարձման քաղաքականութեան մարզին մէջ:
Վրաստանի վերահամարկման պետական նախարար Փաաթա Զաքարէիշվիլի, որ պատասխանատու է տագնապներու լուծման թղթածրարին, հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ «ո՛չ (աբխազներու եւ օսերու վրայ) պիտի կրակէ, ո՛չ լուծման ժամկէտներ պիտի շպրտէ, ո՛չ ալ նախաձեռնութիւններ պիտի փաթթէ»:
«Մենք պարզապէս կը նախատեսենք քայլեր, որ անոնք տեսնեն, թէ սկսած է խաղաղ հոլովոյթի փուլը», ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
«Մօտ երկու տարի պիտի պահանջուի, որպէսզի անոնք ատիկա տեսնեն», ըսած է Փաաթա Զաքարէիշվիլի` աւելցնելով, որ «այդպիսի քաղաքականութեան առաջին արդիւնքները ստանալու համար եւ կապեր ստեղծելու համար 6-7 տարուան կարիք կայ»:
«Այսօրուան Վրաստանը քիչ բան կրնայ առաջարկել աբխազներուն եւ օսերուն, սակայն ապագային շատ բան պիտի ունենայ», ըսած է պետական նախարարը:
«Նախ եւ առաջ ատիկա պիտի ըլլայ այն զարգացումը, որ անոնք Ռուսիայէն չեն ստանար: Այն, որ ինչպէս Ռուսիան հոգ կը տանի այլ ժողովուրդներու, հիանալի կերպով կ՛երեւի Հիւսիսային Կովկասի օրինակով», նշած է Զաքարէիշվիլի:
«Վրաստանը 3-4 տարի ետք պիտի ըլլայ այնպիսի երկիր մը, որ աբխազները եւ օսերը զգալի տարբերութիւն պիտի տեսնեն Ռուսիոյ եւ մեր երկրին միջեւ», կը պնդէ ան:
Նշենք, որ Վրաստանի նոր իշխանութիւնները նախապէս յայտարարած էին, որ կ՛ուզեն այդ ժողովուրդներուն հետ միացեալ ենթակառուցային, առեւտրական եւ տնտեսական նախագիծերու սկսիլ: Իսկ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար եւ փոխվարչապետ Իրաքլի Ալասանիա նաեւ յայտարարած է, որ այսուհետեւ բանակը երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման համար պիտի չգործածուի:


