Աւելի Քան 25 Միլիոն Եգիպտացիներ Այսօր Կը Վճռեն Սահմանադրութեան Նախագիծին Վերաբերող Հանրաքուէն

Եգիպտական 17 նահանգներու մէջ աւելի քան 25 միլիոն 495 հազար 237 եգիպտացիներ այսօր 6724 ընտրական կեդրոններ ուղղուելով կը մասնակցին նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէի երկրորդ ու վերջին հանգրուանին եւ կը վճռեն անոր արդիւնքը:

Վերոնշեալ 17 նահանգներն են` Կիզան, Քալիուպիյան, Մանուֆիյան, Պուհայրան, Քաֆարուլ Շէյխը, Տումիաթը, Իսմայիլիյան, Փոր Սայիտը, Սուէզը, Մաթրուհը, Պահր Ահմարը, Ուատի Ժատիտը, Ֆիումը, Պանի Եուսեֆը, Մինիէն, Օքսորը եւ Ֆաթթան:

Եգիպտական ապահովական ուժերը, ներառեալ` բանակն ու ոստիկանութիւնը պատրաստուած են ապահովելու հանրաքուէի ընթացքին անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու զեղծումները: Անոնք ուսումնասիրած են հանրաքուէի առաջին հանգրուանին ներկայացուած բողոքները եւ աշխատանք պիտի տանին, որ օրին արձանագրուած դէպքերը չկրկնուին:

Միւս կողմէ, Իսլամ եղբայրներէն աղբիւրներ «Մասր Եոմ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսլամ եղբայրներուն եւ իսլամական հոսանքին ղեկավարները միջամտած են, որպէսզի ընդհանուր դատախազ Թալէաթ Իպրահիմը համոզեն իր հրաժարականը յետս կոչելու` նշելով, որ նախագահ Մոհամետ Մուրսի Իպրահիմի վրայ ճնշում բանեցուցած է, որպէսզի ան իր հրաժարականը յետս կոչէ:

Իպրահիմ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ իր հրաժարականը յետս կոչած է, որովհետեւ զայն ներկայացուցած է արտասովոր ճնշումներու եւ պայմաններու տակ, «եւ չեմ ընդունիր, որ Եգիպտոսի պատմութիւնը նշէ, որ ընդհանուր դատախազութեան խումբ մը անդամներ ցոյցի եւ հաւաքի միջոցին դիմեցին` ընդհանուր դատախազին ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ստիպելու համար, որ իր պաշտօնէն հեռանայ»:

Եգիպտական արդարադատական բարձրաստիճան աղբիւրներ «Օքազ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նախատեսեցին, որ Եգիպտոսի արդարադատութեան նախարարը պիտի որոշէ ընդհանուր դատախազը իր պաշտօնին վրայ պահել եւ հրաժարականի յետս կոչումը վաւերացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES